ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վասիլի Նեփենզիա յայտարարեց, որ Ռուսիան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի իր նախագահութեան ընթացքին Սուրիոյ, Եմէնի եւ Լիբանանի վերաբերեալ նիստեր պիտի հրաւիրէ:
Նեփենզիա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Որոշուած է 22 յուլիսին Սուրիոյ մէջ մարդասիրական կացութեան շուրջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի քննարկումի եւ խորհրդակցութեան նիստ գումարել, եւ խօսք առնողը պիտի ըլլայ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Կիր Փեթերսոնը»:
«Որոշուած է Եմէնի հարցով զեկուցական եւ խորհրդակցութեան նիստ գումարել յաջորդ օրը` 23 յուլիսին, իսկ 24 յուլիսին Լիբանանի շուրջ խորհրդակցութիւններ տեղի պիտի ունենան», աւելցուց ան:
Նշենք, որ Ռուսիան յուլիսին մէկ ամսուան ժամկէտով ստանձնեց Ապահովութեան խորհուրդի նախագահութիւնը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ այս ամսուան ընթացքին «աւելի արդար, ժողովրդավարական եւ տեւական համաշխարհային համակարգի հաստատման համար բազմակողմ գործակցութեան» նիւթին շուրջ նախարարական բաց քննարկումներ տեղի պիտի ունենան: