Ամերիկացի պաշտօնատարներ ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են. «Յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին Լիբանանի վրայ Իսրայէլի յարձակումներու եւ հաւանական ցամաքային յարձակումի մը շղթայազերծման նկատմամբ մեր մտահոգութիւնները կ՛աճին, եւ իսրայէլացի պաշտօնատարները մտադիր են հակառակ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի ճնշումներուն Լիբանանի մէջ Հըզպալլան հետապնդել»:
«Իսրայէլ կ՛ուզէ Լիբանանի հետ սահմանին վրայ 16 քիլոմեթր երկայնքով մեկուսիչ տարածք ստեղծել», նշած են աղբիւրները:
Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իր կարգին յայտնած է. «Իսրայէլ կ՛ուզէ Հըզպալլան դիւանագիտութեան ճամբով հեռացնել սահմանէն, եւ եթէ ատիկա կարելի չըլլայ, բանակը պատրաստ է ուժ կիրարկելու»:
Ամերիկացի զինուորական երկու պաշտօնատարներ «Էն.Պի.Սի.»-ին յայտնած են. «Ուաշինկթըն իր դաշնակիցներուն հետ կը քննարկէ Լիբանանէն տարհանման գործողութիւններու եւ որեւէ զինուորական գործողութեան համակարգումը: Փենթակոն կարգ մը զինուորական միջոցներ կը տեղափոխէ Իսրայէլի եւ Լիբանանի մօտ, որպէսզի ամերիկացիները տարհանելու պատրաստ ըլլան»:
«Յարձակողական նաւ մը եւ նաւազներ դէպի Միջերկրական ծով շարժեցան` միանալու այդտեղ գտնուող ցամաքահանման նաւուն», աւելցուցած են աղբիւրները:


