Միքաթի. «Տար Ֆաթուան Բոլոր Իսլամներն Ու Լիբանանցիները Կը Միաւորէ Եւ Ազգային Համաձայնութիւնն Ու Լիբանանի Կայունութիւնը Կը Նկատէ Կարեւոր»
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Տար Ֆաթուայի մէջ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ իր այցելութիւնը իսլամական Նոր տարուան առիթով է: «Տըրիանին մօտ ազգային միասնութեան նկատմամբ անոր մնայուն նախանձախնդրութիւնը գտայ, եւ այս վայրը բոլոր իսլամներուն ու լիբանանցիներուն միաւորման վայր է եւ մնայուն կերպով կարեւոր կը նկատէ ազգային միասնութեան ու Լիբանանի կայունութեան պահպանումը եւ անոր բարգաւաճումը»,...




















