Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաբական Լիկան Զաքիի Յայտարարութենէն Ետդարձ Կատարեց

July 3, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ յայտնեց, որ լիկայի դիւանը «միշտ յանձնառու կ՛ըլլայ բոլոր նիւթերուն մէջ պետութիւններու որոշումները ամբողջովին գործադրելու նկատմամբ»` աւելցնելով, որ ընդհանուր քարտուղարի օգնական, դեսպան Հուսամ Զաքիին իր կողմէ, իբրեւ անձնական պատուիրակ, լիբանանեան քաղաքական ուժերու հետ հաղորդակցելու իմաստով տրուած պարտականութիւնը Լիբանանին աջակցելու վերաբերեալ, եւ այս առումով ընդհանուր քարտուղարին պարտականութիւն տալու Արաբական լիկայի որոշումներուն գործադրումն է:

Հուսամ Զաքի իր կարգին Արաբական լիկային մօտ հաւատարմագրուած լրագրողներուն ուղղուած մամլոյ յայտարարութեան մը մէջ յայտնեց, թէ Արաբական լիկայի Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատելէն ետդարձ կատարելու վերաբերեալ յայտարարութիւնը «սխալ պարունակի մէջ հասկցուած է»` նշելով. «Ասիկա որեւէ ձեւով չի նշանակեր, թէ ոչ միայն ներքին, այլ նաեւ շրջանային առումով Հըզպալլայի վարմունքին, քաղաքականութեան, արարքներուն եւ կեցուածքներուն նկատմամբ բազմաթիւ վերապահութիւններն ու առարկութիւնները չքացած են»:

Ան ընդգծեց, որ Արաբական լիկայի առնչակից որոշումները, մասնաւորաբար արաբական ազգային անվտանգութիւնը պաշտպանելու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի որոշումը կը պարունակէ ահաբեկչական արարքներու մեղսակից գոյացութիւններու կամ անձերու, ներառեալ միլիսներու կամ ոչ պետական զինեալ խմբաւորումներու բացայայտ կամ տողատակի որեւէ ձեւի զօրակցութիւն չտրամադրելու կէտ մը, «եւ ատիկա անդամ երկիրներուն կողմէ միաձայնութեամբ որդեգրուած որոշում է»:

Զաքի նախապէս Պէյրութ այցելելէն ետք, «Գահիրէ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած էր, թէ Արաբական լիկան Հըզպալլան այլեւս ահաբեկչական կազմակերպութիւն չի նկատեր` բացատրելով, որ այդ որոշումը պատճառ դարձած էր անոր հետ հաղորդակցութիւններու խզման, սակայն լիկայի անդամ երկիրները համաձայնած են այդ որակումը չօգտագործել, ինչ որ կուսակցութեան հետ հաղորդակցութիւնը կարելի դարձուցած է:

Ըստ «Ախպար» օրաթերթի մամլոյ տեղեկութիւններուն, Լիբանանէն ու շրջանէն շարք մը կողմեր, նախ եւ առաջ Ծոցի երկիրները, մասնաւորաբար Սէուտական Արաբիան, Արաբական լիկային հետ կապ հաստատած են բողոքելով Զաքիի յայտարարութեան դէմ: Միացեալ Նահանգներ եւս այս մթնոլորտէն հեռու չեն եղած:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը 1 յուլիսին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնած է. «Հըզպալլան ահաբեկչական վտանգաւոր կազմակերպութիւն է, եւ որեւէ արդարացուցիչ պատճառ չենք տեսներ զայն ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակէն դուրս բերելու»:

Օրաթերթը հաւանական նկատեց, որ Զաքիի ըսած խօսքը առանց արաբական միաձայնութեան կատարուած է, եւ հաւանաբար եգիպտական սեփական նախաձեռնութիւն է:

«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութիւններուն համաձայն, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Հուսամ Զաքի «Դիմադրութեան առանցքին եւ անոր դաշնակիցներուն հետ հանդիպումի» ընթացքին յայտնած է, թէ լիկայի եւ Հըզպալլայի յարաբերութիւնները կը բարելաւուին, եւ Արաբական լիկան չի կրնար ըլլալ Դիմադրութեան դէմ` վերջինիս պաղեստինեան դատին զօրավիգ կանգնելու համար տուած նահատակներէն ետք:

Ըստ «Ժատիտ»-ի տեղեկութիւններուն, «Արաբական լիկան եւ մասնաւորաբար Եգիպտոսը, նախանձախնդրութիւն յայտնած եւ սիւննի չափաւորականութիւնը Դիմադրութեան մերձեցնելու` մեկնելով ծայրայեղականութեան Իսլամ եղբայրներուն աջակցելուն մտավախութենէն»:

Նախորդը

24 Յուլիսին Լիբանանի Վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Խորհրդակցական Նիստ

Յաջորդը

Սէուտական Արաբիան 10 Միլիոն Տոլար Տրամադրեց

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.