Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուխարի. «Սէուտական Արաբիան Նախանձախնդիր Է, Որ Լիբանանն Ու Անոր Ժողովուրդը Դուրս Գան Իրենց Ճգնաժամէն»

Յունիս 29, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ այցելեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանին` Ատհայի տօնին եւ ուխտագնացութեան առիթով շնորհաւորելու համար:

Տար Ֆաթուայի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդեց, որ հանդիպումի ընթացքին «քննարկուեցան իսլամական, ազգային եւ արաբական հարցեր»:

Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը շեշտած է «նախագահի ընտրութեան հոլովոյթը ամբողջացնելու կարեւորութիւնը եւ յայտնած, որ Սէուտական Արաբիան նախանձախնդիր է, որ Լիբանանն ու անոր ժողովուրդը դուրս գան իրենց ճգնաժամէն»:

«Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակի լիբանանցիներուն նախագահ ընտրելու մղելու ջանքերը չդադրեցան, եւ (հնգեակը) կը գործակցի բոլորին հետ` հասնելու համար լուծումներու, որոնք կը նպաստեն փրկելու Լիբանանն ու անոր բնակիչները», ըսաւ Պուխարի:

Հանրապետութեան միւֆթին գնահատեց Սէուտական Արաբիոյ, Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին, մասնաւորաբար Տար Ֆաթուային ու անոր կառոյցներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող «եղբայրական ու հոյակապ յարաբերութիւններու տոկունութիւնը»:

Ան նախանձախնդրութիւն յայտնեց «Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութիւնն ու քաղաքացիական անդորրը ամրապնդելու նկատմամբ» եւ գնահատեց նախագահի ընտրութեան համար Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակի դերը, որ կու գայ ամբողջացնելու տեղական, արաբական ու միջազգային ջանքերը` նշելով. «Անիկա Լիբանանը իրերայաջորդ տագնապներէն փրկելու կարեւոր եւ հիմնական առիթ է»:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Այզենքոթ. «Իսրայէլ Եւ Նասրալլա Լայնածաւալ Պատերազմ Չեն Ուզեր, Սակայն Լուծումի Բացակայութեան Անոր Հաւանականութիւնը Բարձրացաւ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?