– ԱԼԷՅԻ մէջ կուսակցութիւնները Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան կեդրոնին մէջ գումարեցին ժողով մը, որ ծիրին մէջ էր համակարգումի նպատակով տեղի ունեցած ժողովներու շարքին, զորս կուսակցութիւնները կը գումարեն Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլանի ցուցմունքով: Ժողովականները հաստատեցին, որ բոլորը պատրաստ են տեղահանուածները Լեռնալիբանանի շրջաններուն մէջ ընդունելու:
Անոնք համաձայնեցան համակարգումն ու հաղորդակցութիւնը շարունակել ստեղծելով սեղմ յանձնախում մը, որ աշխատանք պիտի տանի խնդիրներու լուծման:
– «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը հաղորդեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն այցելած է Ուաշինկթըն, ուր ունեցած է շարք մը հանդիպումներ, ներառեալ Ներկայացուցիչներու տան մէջ, ուր իր ծրագիրը ներկայացնելով նշած է. «Միլիառ տոլարի ապահովումն ու նոր անդամներու զինուորագրումը պատերազմէն ետք մեր դերակատարութեան հիմքերն են»:
– ԴԵՂԱԳՈՐԾՆԵՐՈՒ սենտիքայի նախագահ Ճօ Սալլում «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին ըսաւ. «Եթէ պատերազմը ընդլայնուի, ծանր հիւանդութիւններու դեղեր ստանալու մեծ տագնապ պիտի ըլլայ»` աւելցնելով. «Պատճառը ընդհանուր առմամբ դեղորայքային քաղաքականութիւնն է եւ աջակցութեան քաղաքականութիւնը»:
– ՆԱԽԿԻՆ նախարար էլիաս Մըր Պթըղրինի մէջ Աստուածածնայ մեծ արձանի բացման հանդիսութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ հարց տուաւ. «Այսօր ո՞ւր է Լիբանանը, ո՞ւր են քրիստոնեաները, ո՞ւր են անոնց առաքելութիւնն ու դերակատարութիւնը: Ո՞ւր են լիբանանցի քաղաքացիներու իրաւունքները: Ո՞ւր է լիբանանցիին արժանապատուութիւնը»:
Ան իր խօսքը կարգախօսներ հնչեցնողներուն ուղղելով ըսաւ. «Ճգնաժամերէ եւ արդարացումներէ կշտացանք, ամբաստանութիւններէ եւ կարգախօսներէ կշտացանք: Խնայեցէ՛ք երկիրը սուտերէն եւ հակառակութիւններէն, խնայեցէ՛ք մարդիկը անտեսումէն ու անպատասխանատուութենէն: Հայրենիքները այսպէս չեն կառուցուիր, ո՛չ ալ պետութիւնները այսպէս կը կառավարուին: Ամչցէ՛ք ձեր արարքներէն եւ ձեր պատասխանատուութիւններուն տէր կանգնեցէ՛ք: Այս երկիրը ձեր ագարակը չէ, այլ Աստուծոյ եւ Աստուածածինի առջեւ, եւ այս պայքարող ու հպարտ ժողովուրդին առջեւ ձեր վիզին դրուած պարտք է»: