Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հերվէ Մակրոն:
Հանդիպումի ընթացքին անոնք քննարկեցին Լիբանանի եւ շրջանին մէջ կացութիւնը, ինչպէս նաեւ բռնարարքներն ու լարուածութիւնները դադրեցնելու ջանքերը:
Ֆրանսայի դեսպանը այցելեց նաեւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի եւ անոր հետ քննարկեց արդի հարցերը, մասնաւորաբար հինգշաբթի օր Կազայի մէջ զինադադարի վերաբերեալ նախատեսուած բանակցութիւնները, որոնք իրենց անդրադարձը պիտի ունենան լիբանանեան թատերաբեմին վրայ:
Պու Հապիպ հանդիպումի ընթացքին շեշտեց, որ կարեւոր է, որ արեւմտեան երկիրները, ներառեալ Ֆրանսան շօշափելի քայլեր առնեն` աջակցելու համար այդպիսի համաձայնութեան մը գոյացման միջնորդական ջանքերու յաջողութեան, որ շրջանային լարուածութեան մեղմացումին առաջին քայլն է:
«Աջակցութիւն վայելող դիւանագիտական լուծումները միակ լուծումն են ի տես զինուորական ընտրանքներուն, որոնք պատերազմի ծիրին ընդլայնման պիտի յանգեցնեն», նշեց լիբանանեան դիւանագիտութեան պետը:


