– ԵՐԷԿ կէսօրին Քեսրուանի, Ժըպէյլի եւ Պէյրութի բնակիչները զգացին ուժեղ երկրաշարժի մը ցնցումը: Թրիփոլիի բնակիչները թեթեւ ցնցում մը զգացին:
Յորդանանեան երկրաբանական դիտարանը յայտարարեց, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ 5,1 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը նշմարած է:
– «ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ Փոսթ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի հետ սերտ կապ ունեցող աղբիւր մը յայտնած է. «Կրնանք ըսել, թէ Հըզպալլան իր վրիժառական գործողութիւնը Քաթարի բանակցութիւններուն ընթացքին պիտի չշղթայազերծէ, որովհետեւ կուսակցութիւնը չ՛ուզեր բանակցութիւնները կամ հաւանական համաձայնութեան մը գոյացումը խոչընդոտելու պատասխանատուութիւնը կրել»:
– ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց. «Դիմադրութիւնը յանձնառու կը մնայ Հարաւային արուարձանները թիրախաւորած յարձակումին ու թշնամիին այդտեղ ոճիր գործելուն հակադարձելուն, եւ այդ յանձնառութիւնը հաստատ է: Դիմադրութեան հակադարձութիւնը տեղի պիտի ունենայ, սակայն Դիմադրութեան ընտրած ժամկէտին, որովհետեւ իր ժամացոյցը վերլուծաբաններու կամ գործիչներու հաշիւներուն հիմամբ չի գործեր, ատոր ժամկէտը Դիմադրութեան ժամացոյցին հիմամբ է եւ ոչ թէ ժամացոյցին բոլոր անոնց, որոնք ժամանակ կը ճշդեն, ո՛վ ալ ըլլան անոնք»:


