Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ նախարարութիւնները եւ լիբանանեան բոլոր ծառայութիւնները միջազգային առնչակից կազմակերպութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ գործակցաբար կը շարունակեն «մեր անցած դժուար կացութեան եւ հաւանական որեւէ զարգացման դիմակայման համար» պէտք եղած քայլերը որդեգրել:
Ան միեւնոյն ժամանակ շեշտեց. «Բազմաթիւ ուղղութիւններով դիւանագիտական աշխուժ հաղորդակցութիւններ կան դադրեցնելու Լիբանանի դէմ իսրայէլեան սպառնալիքները, եւ միւս կողմէ` Կազայի մէջ զինադադարի հասնելու համար»:
Վարչապետի պաշտօնակատարը շեշտեց, որ լիբանանեան կառավարութեան փաստաթուղթը, որ հարաւային Լիբանանի մէջ երկարատեւ կայունութեան հաստատման կանոնները կը ճշդէ, եւ ինք զայն շաբաթավերջին յայտարարած է, կը ճշդէ լուծումի յստակ հիմերը, որոնց կարեւորագոյնները քանդիչ բռնարարքներու ոլորապտոյտի մագլցումէն խուսափելու համար լարուածութիւնը մեղմացնելն է, եւ միջազգային ընտանիքը վճռական ու անմիջական դեր պէտք է կատարէ լարուածութիւնը հանդարտեցնելու եւ Լիբանանի դէմ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումը զսպելու համար:
Միքաթի ըսաւ, որ իր հանդիպումներուն եւ դիւանագիտական հաղորդակցութիւններուն ընթացքին ամէնէն խօսուն պատգամը, որ կը փոխանցէ, այն է, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութիւնը հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութեան ու անվտանգութեան երաշխաւորման անկիւնաքարն է:
«Լիբանան առնչակից երկիրներուն հետ կը հետեւի հարաւային Լիբանանի մէջ գործող միջազգային ուժերու առաքելութեան անփոփոխ երկարաձգման թղթածրարին», յայտնեց վարչապետի պաշտօնակատարը:
«Ներկայ փուլին բանակի եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջեւ գործակցութիւնը հիմնական է, եւ այն, որ խնդիրներու եւ տարակարծութիւններու մասին կը հաղորդուի, ճիշդ չէ, եւ պահանջուած առաքելութիւններու գծով ծագող ամէն հարց անմիջապէս կը լուծուի», ըսաւ ան:
«Լիբանան կառչած է ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան», շեշտեց Միքաթի:


