Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց. «Պատերազմը մեր ազատ կամքով ու համոզումով մղեցինք, որովհետեւ մեր առջեւ այլընտրանք չկար, որովհետեւ որեւէ մարդ եւ ազատ խղճի տէր անձ կրնայ Կազայի մէջ տեղի ունեցողին նայիլ եւ դիտողի կարգավիճակին մէջ մնալ, հակառակ այդ ժողովուրդին թիկունք կանգնելու կարելին ընելու իր կարողութեան: Իսկ մենք հարաւային Լիբանանի մէջ այս որոշումը տուինք` յստակ հաշուեկշիռով եւ յստակ հայեցակարգով»:
«Կազայի մէջ թշնամիին յաղթանակը Կազայի սահմաններուն մէջ կանգ պիտի չառնէ, եւ մենք աշխարհի վրայ ամէնէն շատ շահ ունեցող երկիրն ենք, որ թշնամին այս ճակատամարտին մէջ չյաղթէ, այլ պաղեստինցի ժողովուրդը, եւ Դիմադրութիւնը Կազայի եւ Այսրյորդանանի մէջ մնայ: Շահ ունինք, որ պարտութեան մատնենք թշնամին եւ որեւէ բան ընենք, որ կը յանգեցնէ իրագործելու այդ նպատակը, այսինքն` «թշնամիին յաղթանակ արձանագրելը արգիլելու», ըսաւ երեսփոխանը:
«Շատեր այսօր կը սպասեն զարգացումներուն աւարտը եւ կ՛ուզեն տեսնել, թէ այս ճակատումն ու մագլցումը Հարաւային արուարձաններու եւ Իսլամական Հանրապետութեան վրայ յարձակումին լոյսին տակ դէպի ո՛ւր կ՛ուղղուին», ըսաւ ան:
«Շրջանին մէջ թշնամիին կողմէ այս մագլցումը ունի հիմնական պատճառ մը` Կազայի մէջ ջարդը, Կազայի վրայ յարձակումը եւ գործուած ջարդերը: Պէտք չէ ուղղուածութիւնը կորսնցնենք, մենք ունինք նպատակ մը` յարձակումին դադրեցման հասնիլը, եւ այս հարցը նախ եւ առաջ Պաղեստինի մէջ դիմադրութեան մեր եղբայրներուն, նախ եւ առաջ Համաս շարժումին պատասխանատուութիւնն է», շեշտեց Ֆատլալլա:


