Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց իսրայէլեան ուժերու կողմէ Կազա քաղաքի արեւելեան շրջանին մէջ պաղեստինցի տեղահանուածներ պատսպարող Թապիին դպրոցին վրայ յարձակումը, որ երեք հրթիռներով ուղղակի կերպով թիրախաւորեց դպրոցին մէջ նամազ կատարելու վայրը եւ հարիւրաւոր քաղաքային զոհեր ու տասնեակներով վիրաւորներ պատճառեց:
«Իսրայէլեան բռնագրաւումի բանակի ծրագրուած անկանոն ռմբակոծումն ու անզէն քաղաքայիններու շարքին այսքան հսկայական թիւերով զոհեր պատճառելը իսրայէլեան կառավարութեան միջազգային օրէնքի վճիռներուն ու միջազգային մարդասիրական օրէնքի անտեսման յստակ փաստեր են», յայտնեց նախարարութիւնը:
Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ ամէն անգամ, որ զինադադարի հաստատման ջանքերը կ՛աշխուժանան պաղեստինցիներու դէմ ոճիրներ գործելը կը փաստէ պատերազմը երկարաձգելու եւ անոր ծիրը ընդլայնելու Իսրայէլի մտադրութիւնը:
Նախարարութիւնը միջազգային ընտանիքին ու առնչակից պետութիւններուն կոչ ուղղեց` միացեալ, լուրջ եւ ազդու կեցուածք որդեգրելու, եւ նախ եւ առաջ Կազայի մէջ պաղեստինցի ժողովուրդին պաշտպանութիւն ապահովելու ու վերջ տալու մարդասիրական աղէտին` «նկատի ունենալով, որ Կազայի մէջ յարձակումի դադրեցումը մագլցումն ու շրջանին մէջ աւելի լայնածաւալ տագնապի բռնկումը կանխարգիլելու ուղղութեան առաջին քայլն է: Երկրորդ` խաղաղ դիւանագիտական հոլովոյթը յառաջ մղելն է` լուրջ քայլերու միջոցով, որոնք իսրայէլեան կողմին կը ստիպեն ընդունիլ «երկու պետութիւններ երկու ժողովուրդներու համար» լուծումը` միջազգային օրինականութեան առնչակից որոշումներուն հիմամբ»:


