«Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ 5,46 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը հարուածած է Յորդանանի եւ Սուրիոյ շրջանը:
Յորդանանի երկրաբանական ծառայութիւնը նշեց. «Սուրիան հարուածած երկրաշարժը քանդիչ չէ»:
Նշենք, որ երկուշաբթի գիշեր ժամը 11:56-ին Պէյրութի, Մեթնի եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ մինչեւ Հերմել հասնող շարք մը շրջաններ երկրաշարժը զգացին:
Սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը նշեց. «Համա քաղաքի արեւելքը տեղի ունեցաւ երկրաշարժ մը, որ շարք մը նահանգներու բնակիչներ զգացին»: