Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 15, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ մէջ ամերիկացի կառավարական պաշտօնատար մը «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ին յայտնեց, թէ ամերիկեան վարչակազմին ամերիկացի քաղաքացիները Լիբանանէն հեռացնելու համար որդեգրած ծրագիրը կրնայ ներառել 100 հազար անձեր, որոնց մեծամասնութիւնը երկակի քաղաքացիութեան տէր է:

Պաշտօնատարը նշած է, որ քաղաքացիներու հեռացման ծրագիրը, որուն գործադրութիւնը տակաւին կախեալ է զարգացումներէն, կրնայ մեծագոյնը ըլլալ, բաղդատմամբ ամերիկացիներու 1975 թուականին Վիեթնամի մայրաքաղաք Հանոյէն եւ 2021 թուականին Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլէն հեռացման գործողութիւններուն:

– ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը, մէջբերելով իսրայէլացի պաշտօնատարներ, հաղորդեց. «Իսրայէլեան բանակի հիւսիսային հրամանատարութիւնը ներկայ պատերազմի ընթացքին կիրարկուածէն աւելի յարձակողական գործելաոճի կիրարկման ուղղութեամբ մղում կը կատարէ»:

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ ըստ տեղեկութիւններու, իսրայէլեան բանակը Քֆարքիլայի վրայ գործած է պատերազմին սկիզբէն ի վեր ամէնէն հզօր յարձակումը` հարուածելով գետնին տակ գտնուող թիրախներ:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ իսրայէլեան օդուժը պատերազմին սկիզբէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով օգտագործած է հակապատնէշային «Էմ.Քէյ-84» ռումբեր, որոնք արձակուած են «ԷՖ-35» հալածիչի մը կողմէ:

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Հըզպալլայի, մասնաւորաբար անոր մասնայատուկ «Ռատուան» ուժերու կողմէ Գալիլիա ներթափանցման նկատմամբ մտավախութիւններէ մեկնելով, իսրայէլեան բանակը հիւսիսի մէջ իր ուժերը մասնայատուկ ուժերով ամրապնդած է եւ պաշտպանական քայլեր որդեգրած:

– ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ պաշտօնատար մը «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնած է. «Հըզպալլայի կողմէ որեւէ յարձակումի պարագային հիւսիսային սահմաններուն վրայ կացութիւնը պիտի փոխենք»:

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը հաղորդեց. «Իսրայէլի մէջ գնահատականները ցոյց կու տան, թէ Իրանի եւ Հըզպալլայի յարձակումը «կը մօտենայ», բացի եթէ անոնց հետախուզական գնահատականներուն մէջ փոփոխութիւն մը տեղի ունենայ»:

– «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի եւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ իր երեքշաբթի օրուան հանդիպումներուն ընթացքին փոխանցած է ֆրանսական հրատապ զգուշացում մը, թէ զինուորական որեւէ արարք կրնայ կացութիւնը վերահսկողութենէ դուրս բերել եւ զայն մղել լայնածաւալ ու բիրտ պատերազմի»:

– ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութիւնը հաղորդեց, որ մինչեւ 13 օգոստոս հարաւային Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով վնասուած են 2312 անձեր, որոնցմէ 547-ն մահացած են:

– «ԷՐ ՖՐԱՆՍ» եւ «Թրանսաւիա» օդանաւային ընկերութիւնները երէկ յայտարարեցին, որ մտադիր են այսօրուընէ վերականգնել դէպի Պէյրութ իրենց թռիչքները:

– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի իր գրասենեակին մէջ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի հետ` ընկերակցութեամբ դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Պրիւնօ Քոսթանթինայի:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան երկրին ընդհանուր կացութիւնն ու հարաւային սահմանին վրայ արձանագրուող զարգացումները:

 

Նախորդը

Պայտըն. «Կը Նախատեսեմ, Որ Իրան Իսրայէլին Հակադարձելէն Ետդարձ Կատարէ, Եթէ Կազայի Մէջ Զինադադարի Համաձայնութիւն Գոյանայ»

Յաջորդը

Հոքշթայնի Պէյրութ Ժամանումէն Անմիջապէս Առաջ. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Իր Հողերը Ազատագրելու Եւ Գերիշխանութիւնը Պահպանելու Իրաւունքին» Յայտարարեց Միքաթի

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.