Լիբեանանեան Կարճ Լուրեր
- ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ նախարարութենէն աղբիւրներ «Նաշրա»-ի ճամբով հերքեցին մասնաւորաբար ընկերային ցանցերու վրայ շրջանառուող այն լուրը, թէ Քաթար Լիբանանի մէջ բոլոր պետական վարժարաններու եւ արհեստից վարժարաններու աշակերտներուն կրթաթոշակները վճարած է` նշելով, որ այդ տեղեկութիւնները շինծու են: - ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց. «Տեղ մը կարդացի, թէ աշակերտներէն պետական վարժարանի մէջ արձանագրուելու համար յիսուն տոլարի կրթաթոշակ պիտի պահանջուի: Այս մօտեցումը...




















