Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուաէլ Ապու Ֆաուր Ռաշայայի մէջ դպրոցի մը շրջանաւարտից հանդիսութեան ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Լիբանանի մէջ ուսում եւ ուսման որակ պիտի չըլլայ, եթէ Լիբանանի մէջ լաւ իշխանութիւն չըլլայ, եւ Լիբանանի մէջ լաւ ու բարեկարգչական իշխանութիւն պիտի չըլլայ, եթէ բարեկարգչական նախագահ մը չընտրենք եւ բարեկարգչական կառավարութիւն մը չկազմենք, եւ եթէ այդ կառավարութիւնը ծրագիր մը չորդեգրեց»:
«Դժբախտաբար կը տեսնենք այն, ինչ որ այսօր քաղաքականութեան մէջ կը կատարուի, եւ շրջանին ճակատագիրը կախեալ է բռնագրաւուած Պաղեստինէն: Իսրայէլացի բռնագրաւողը Կազայէն ետք անցաւ Այսրյորդանան, եւ ճակատամարտը երկար է եւ շատ երկար, եւ չի թուիր, թէ մէկը կրնայ սահման գծել իսրայէլեան բռնագրաւումին խենթութեան:
«Նախագահի ընտրութեան հարցը երբեք ու երբեք պէտք չէ լիբանանցիներու հաշիւէն դուրս բերուի, եւ եթէ նախագահութիւնը բացակայ է, ապա բոլոր ծրագիրները բացակայ են, եւ կրթութեան մէջ թէ այլուր բարեկարգումի որեւէ գաղափար բացակայ է:
«Այս հարցը բացարձակապէս պէտք չէ շարունակուի, եւ կրթութիւնը յառաջդիմութիւն չի կրնար արձանագրել, եթէ պետութիւնը յառաջ չընթանայ, եւ պետութիւնը չի կրնար յառաջ ընթանալ, եթէ պետութեան կառոյցները բարեկարգչական լաւ իշխանութեամբ ամբողջացած չըլլան»:


