Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուսաուի. «Մեր Անօդաչու Թռչող Սարքերը Հասան Հոն, Ուր Պիտի Հասնէին, Եւ Յառաջիկայ Օրերը Պիտի Բացայայտեն Անոնց Իրագործած Արդիւնքները»

August 30, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Իպրահիմ Մուսաուի յայտնեց. «Ոմանց «Քառասունքի օր» գործողութեան իրագործած արդիւնքներուն մասին հարցումներուն եւ որեւէ արդիւնք չտուած ըլլալուն մասին թշնամիին պնդումներուն լոյսին տակ կը հարցնենք, թէ ի՞նչ էր այն պատճառը, որ անոր արգիլեց հակադարձութեան որեւէ արդիւնք արձանագրած չըլլալու անոր պնդումը հաստատելու համար նկարել թիրախ դարձած ռազմակայանը` «8200-րդ միաւոր»-ի ռազմակայանը, որ ծանօթ է իբրեւ սիոնական զինուորական կարողութիւններուն գագաթնակէտը»: Ան աւելցուց. «Մեր անօդաչու թռչող սարքերը հասան հոն, ուր պիտի հասնէին, եւ յառաջիկայ օրերը պիտի բացայայտեն անոնց իրագործած արդիւնքները»:

«Դիմադրութիւնը յաջողեցաւ զսպման հաւասարակշռութիւնը հաստատել 340 «Քաթիուշա» տիպի հրթիռներով եւ որոշ թիւով անօդաչու թռչող սարքերով, առանց ստիպուելու իր ունեցած եւ սպառազինութեան մէջ գտնուող թեւաւոր կամ թիրախահար հրթիռներէն որեւէ մէկը օգտագործելու, եւ եթէ զանոնք օգտագործած ըլլար, իրագործուածէն շատ աւելի մեծ արդիւնքներ պիտի տեսնէին», ըսաւ երեսփոխանը:

«Մենք կը հաւատանք, որ այս ճակատամարտը փուլային ճակատամարտ է, եւ սկիզբէն ըսինք, որ անիկա կէտերու կուտակման ճակատամարտ է, եւ մենք տակաւին չհասանք ազատագրման մեծ ու համապարփակ ճակատամարտին, որով թշնամին մեզի մնայուն կերպով կը սպառնայ, հակառակ գիտնալուն եւ գիտակցելուն, թէ անիկա միայն մէկ ցնցիչ, բացայայտ ու յստակ արդիւնք ունի` եթէ ամերիկացիներուն եւ արեւմուտքցիներուն միջամտութիւնը եւ ցամաքի վրայ, ծովուն մէջ ու օդին մէջ անոնց մեծաթիւ ներկայութիւնը չըլլայ, 7 հոկտեմբերին օդանաւակիրներ չուղարկէին կամ երբ 17 օգոստոսին իրանեան հակադարձութիւնը եղաւ, կամ նոյնիսկ երբ Դիմադրութիւնը Հարաւային արուարձաններուն մէջ ոճիրին հակադարձեց, սիոնականները այստեղէն փախած պիտի ըլլային, որովհետեւ գիտեն, թէ Իսրայէլ չի կրնար գոյատեւել առանց Ամերիկայի եւ Արեւմուտքի աջակցութեան», յայտնեց ան:

«Ասիկա յստակ եզրակացութիւն մըն է, որ ամբողջ աշխարհը գիտէ եւ գոյացութեան մէջ վէճ ու պառակտում կը յառաջացնէ, որովհետեւ սիոնականները կը տեսնեն, որ 75 տարի կառուցելէ, հիմնելէ, հարիւր միլիառաւոր տոլարներով աջակցութիւն ստանալէ ետք, տակաւին ամէն անգամ որ յարձակումի ենթարկուին, իրենց պաշտպանութեան համար կարիքը ունին Արեւմուտքի ներկայութեան, եւ ասիկա շօշափելի ու յստակ կերպով կը հաստատէ այն արտայայտութիւնը, թէ այս գոյացութիւնը ժամանակաւոր գոյացութիւն մըն է», աւելցուց Մուսաուի:

Նախորդը

Պու Հապիպ Զուիցերիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Կացութիւնը

Յաջորդը

«Ամերիկացիները Իսրայէլացիներուն Լիբանան Մուտքը Չեն Ուզեր» Կ՛ըսէ Նախկին Նախագահ Միշել Աուն

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.