Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի յայտնեց. «Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալմանի ձեռնարկած «Կանաչ Միջին Արեւելք» նախաձեռնութեան միանալը Լիբանանի համար հիմնական քայլ է, մասնաւորաբար անոր համար, որ լիբանանեան հարաւային գիւղերն ու գիւղաքաղաքները կենսոլորտային եւ երկրագործական մակարդակներուն վրայ մեծ վնասներու ենթարկուեցան, ինչ որ կարիքը կը ստեղծէ Լիբանանի բոլոր բարեկամներուն գործակցութեան»:
Երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան Միքաթիի հետ իր ժողովէն ետք յայտնեց. «Այսօր ես եւ կենսոլորտի նախարար Նասեր Եասինը Միքաթիի հետ հանդիպում ունեցանք եւ անկէ ստացանք շատ ուրախ լուր մը` Լիբանանի «Կանաչ Միջին Արեւելք Նախաձեռնութեան» միանալը:
«Ատիկա մեզի` լիբանանցիներուս եւ կառավարութեան, մանաւանդ երկրագործութեան եւ կենսոլորտի նախարարութիւններուն համար շատ դրական ցուցանիշ է: Մենք կ՛ողջունենք եւ շնորհակալ ենք թափուած ջանքին համար Սէուտական Արաբիոյ կողմէ, որ միշտ ամէնէն դժուար պահերուն Լիբանանի կողքին կանգնած է, մանաւանդ որ նախաձեռնութիւնը այսօր նպատակաուղղուած է Միջին Արեւելքին եւ կենսոլորտի ջերմացման լուծումներ գտնելուն»:
Եասին նշեց, որ «Կանաչ Միջին Արեւելքի նախաձեռնութիւն»-ը Միջին Արեւելքի մէջ 40 միլիառ ծառ տնկելու նպատակ ունի, եւ սէուտական նախաձեռնութեան հիմնական մէկ մասին նպատակը Ծոցի շրջանն ու Միջին Արեւելքի երկիրները կենսոլորտի ջերմացման, Երկիրի քայքայման եւ անապատացումին դէմ պայքարիլն է:
Վարչապետի պաշտօնակատարը նաեւ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի պետական համալսարանի տնօրէն Պասսամ Պատրանի հետ եւ անոր հետ քննարկեց համալսարանի իրավիճակն ու կարիքները:


