Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ Կը Վերահաստատէ Պըրրիի Երկխօսութեան Հրաւէրին Իր Զօրակցութիւնը

Սեպտեմբեր 2, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ Զահլէի մէջ իր կուսակցութեան մասնաճիւղի ընթրիքի ընթացքին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ յայտնեց. «Մեղք է, որ Զահլէն բարգաւաճումէն իր իրաւունքը չստանայ եւ պէտք է իսկական բարգաւաճման աշխատանքի ուղղութիւն ճշդող ծրագիր մը ունենայ»:

«Իսրայէլ պիտի շարունակէ ներկայէն աւելի մեծ պատերազմի ձգտիլ, եւ մենք միայն անոր դէմ կրնանք ըլլալ, սակայն առնչակից չենք մեր ժողովուրդը պատերազմի, թշուառութեան, զրկումի մէջ ներքաշումին», ըսաւ Պասիլ` աւելցնելով. «Դիմակայման ուղին կը ներառէ հզօր պետութիւն ու տնտեսութիւն, եւ հարաւային Լիբանանի ժողովուրդը փաստեց իր կարողութիւնն ու ուժը»:

«Մենք` իբրեւ Ազգային Ազատ հոսանք, կը մերժենք մեկուսացման քաղաքականութիւնը: Օտարին վրայ գրաւ դնելը մեզ կը տապալէ, եւ մենք կը մերժենք ապրիլ այն գաղափարով, թէ անոնք «մեզի չեն նմանիր», ուստի կը կառչինք միասնական կեանքին»:

«Մեզի նկատմամբ տեղի ունեցած ճամբու փակումին մեր հակազդեցութիւնը մեկուսանալով եւ ճամբայ փակելով պիտի չըլլայ, երբե՛ք, մենք մեր սիրտն ու միտքը կը բանանք բոլորին, եւ ոչ ոք մեզի կ՛արգիլէ ամբողջ Լիբանանի մէջ մեր հարազատներուն հետ հանդիպելէ: Պիտի վերադառնանք ու հանդիպինք», ըսաւ Պասիլ` նշելով. «Եթէ քաղաքական ղեկավարի մը անոր դիրքորոշումին համար «ոչ» ըսինք, ատիկա չի նշանակեր, որ անոր համայնքին դէմ թշնամանք ունինք, եւ երբ կառչած կը մնանք իրարու հետ ապրելուն, ատիկա մեզի կարողութիւն կու տայ քաղաքական որեւէ կեցուածք որդեգրելու, եւ այս է Ազգային ազատ հոսանքին արժէքը»:

«Նախագահութեան թղթածրարին նկատմամբ մեր դիրքորոշումը որդեգրեցինք, որովհետեւ կացութիւնը 2016-ի ընտրութեան նման դիրքորոշում չ՛արտօներ, առաջին օրէն համաձայնութեան գոյացման կոչ ուղղեցինք, եւ առաջինն էինք, որ ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանին ներկայացուցինք գրաւոր առաջարկ մը, որ երկխօսութիւնը կամ խորհրդակցութիւնը կը կապէ ընտրութեան նիստերուն», յայտնեց Պասիլ:

Ակնարկելով Կազայի դէմ Իսրայէլի պատերազմին` Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավարը ըսաւ. «Նախագահի ընտրութիւնը (պատերազմին) կապելը Լիբանանի նկատմամբ ոճիր է եւ նուէր Իսրայէլին, որուն յարմար է բանակցիլ Լիբանանի հետ, երբ վերջինս առանց պետութեան է»: Ան նաեւ աւելցուց. «Նախագահի եւ կառավարութեան գոյութիւնը մեզի աւելի մեծ կարողութիւն կու տայ դիմակայելու Իսրայէլը, ելեւմտական վերականգնման ծրագիր կազմելու եւ դիմակայելու համար տեղահանման տագնապը, որուն մեծ վտանգները Զահլէի մէջ լաւ գիտէք»:

«Կազայի մէջ արձանագրուող զարգացումները ներքին հաւասարակշռութիւնները չեն փոխեր, եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի երկխօսութեան այսօրուան կոչին դարձեալ կը զօրակցինք, որովհետեւ ոչ ոք կ՛ուզէ մէկը համաձայնութեան մասնակից չդարձնել, եւ մեր մտադրութիւնն է ոչ ոք խորհրդակցութենէն ու համաձայնութենէն դուրս ձգել, իսկ եթէ միաձայնութիւն չապահովուի, մէկ երրորդէն նուազ ունեցող որեւէ խմբաւորում իրաւունք չունի երկխօսութիւնը խանգարելու», յայտարարեց Պասիլ:

«Նախագահի ընտրութիւնը պէտք է անխուսափելի ըլայ, եւ կը յուսամ, որ կոչերը արդիւնքի կը յանգին: Պէտք չէ արտաքին աջակցութեան սպասենք», շեշտեց Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավարը, որ շաբաթ օր Պեքաայի շրջան շրջապտոյտի ձեռնարկած էր:

Նախորդը

Մեհրապի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Լիբանանեան Ուժերու Նահատակներու Հոգեհանգստեան Արարողութիւնը

Յաջորդը

Մուսա Սատըրի Անհետացման 46-Ամեակի Ոգեկոչում. Պըրրի. «Երկխօսութեան Հրաւէրը Բաց Է, Եկէ՛ք Վաղը Խորհրդարանին Մէջ Խորհրդակցութեան` Հասնելու Ազգայնական Եւ Համախմբող Նախագահի Մը Ընտրութեան»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?