– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ Իսրայէլի մէջէն կարելի եղած է հաստատել, որ Հըզպալլան անցեալ կիրակի` իր զինուորական հրամանատարներէն Ֆուատ Շուքրի ահաբեկման հակադարձելու համար շղթայազերծած «Քառասունքի օր» գործողութեամբ իսկապէս եւ հաստատօրէն կրցած է հասնիլ իսրայէլեան հետախուզական 8200-րդ միաւոր եւ զայն հարուածել:
Աղբիւրները նշած են, որ Հըզպալլայի առնուազն 6 անօդաչու թռչող սարքեր յաջողած են շրջանցել իսրայէլեան հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը եւ հարուածել Իսրայէլի խորքը` Թել Աւիւի մօտ գտնուող «Կալիլոթ» ռազմակայանը:
Իսրայէլ յարձակումէն ետք մէկ քիլոմեթր խորութեամբ եւ քանի մը ժամ տեւողութեամբ ապահովական խիստ շրջափակման տակ առած է ռազմակայանը, թէ՛ քաղաքայիններուն, թէ՛ զինուորականներուն արգիլելով այդտեղ մօտենալ:
– ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքն այս ամիս Թել Աւիւ իր այցելութեան ընթացքին խոստացած է, որ իր երկիրը պիտի զօրակցի իսրայէլեան բանակին կողմէ Հըզպալլայի ուժերուն կամ Իսրայէլի վրայ անմիջական յարձակումի համար օգտագործուելու պատրաստած անոր սարքերուն դէմ կանխարգելիչ որեւէ հարուածի:
«Պլինքըն նաեւ նշեց, որ եթէ իսրայէլեան բանակը այդպիսի հարուած մը իսկապէս հասցնէ, ապա Իսրայէլ զայն պէտք չէ օգտագործէ Հըզպալլայի վրայ իր յարձակումին ծիրը ընդլայնելու համար», յայտնած է բարձրաստիճան պաշտօնատարը:
– ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ 2025-ի ամավարկի նախագիծը երկրորդ տարին ըլլալով սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին փոխանցեց վարչապետարանին:
– ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻ քարտուղարութիւնը ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան ու Ելեկտրականութեան ընկերութեան փոխանցեց ելեկտրականութեան ոչ արդար կերպով մատակարարման հարցին շուրջ շրջաբերական մը` շեշտելով, որ տարբեր շրջաններուն ելեկտրականութեան մատակարարումներու ժամերուն միջեւ որեւէ տարբերութիւն պէտք չէ ըլլայ:
Քարտուղարութիւնը նշեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի լիբանանեան իւրաքանչիւր շրջանի մատակարարուած ելեկտրականութեան ժամերուն վերաբերեալ զեկուցում պահանջած է:
– ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ընկերութիւնը յայտնեց, որ երէկ առաւօտեան Տուպայի «Պիւրօ Վերիթաս» ընկերութեան տարրալուծարանին կատարած քննութիւններուն լոյսին տակ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ լիազօրուած ընկերութիւնը արտօնութիւն տուած է կազ օյլը մատակարարել Զահրանիի եւ Տեր Ամմարի ելեկտրակայաններուն:
Ընկերութիւնը յայտարարեց, որ ելեկտրականութեան մատակարարման ժամերը ուրբաթ երեկոյէն սկսեալ պիտի սկսին աստիճանաբար բարձրանալ:
– ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները նուազած են 6000 լիբանանեան ոսկիով եւ յաջորդաբար հասած 1.531.000 լ.ո.-ի եւ 1.570.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազած է 3000 լիբանանեան ոսկիով եւ հասած 1.382.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնացած է անփոփոխ` 909 հազար լ.ո.:


