Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբեանանեան Կարճ Լուրեր

September 4, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ նախարարութենէն աղբիւրներ «Նաշրա»-ի ճամբով հերքեցին մասնաւորաբար ընկերային ցանցերու վրայ շրջանառուող այն լուրը, թէ Քաթար Լիբանանի մէջ բոլոր պետական վարժարաններու եւ արհեստից վարժարաններու աշակերտներուն կրթաթոշակները վճարած է` նշելով, որ այդ տեղեկութիւնները շինծու են:

– ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց. «Տեղ մը կարդացի, թէ աշակերտներէն պետական վարժարանի մէջ արձանագրուելու համար յիսուն տոլարի կրթաթոշակ պիտի պահանջուի: Այս մօտեցումը սահմանադրութեան եւ առնուազն ընկերային արդարութեան ու անվճար կրթութեան սկզբունքին կը հակասէ, ուստի բացարձակապէս կը մերժեմ այս քայլը»:

– ՊԻՐԷԻ պետական վարժարանի աշակերտներուն հարազատները նստացոյց կատարեցին` բողոքելով կրթութեան նախարարութեան աշակերտներու արձանագրութեան համար ճշդած սուղ վճարումին դէմ:

– ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Միւսպահ Ահտապ «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութիւնը աշխատանք կը տանի որդեգրելու օրէնք մը, որ վնասներուն 85 առ հարիւրը կը բեռցնէ դրամատուներուն մէջ պահ դրուած գումարներ ունեցողներուն վրայ, փոխանակ զբաղելու իսկական ընթացիկ աշխատանքներով, որոնցմէ է պետական կրթութեան գոյատեւումը:

«Կրթութեան նախարարութեան իւրաքանչիւր աշակերտին պարտադրած 50 տոլարը ամբողջ սերունդ մը պիտի հարուածէ, եւ ոչ լիբանանեան ծրագիրի իւրաքանչիւր տէրի պիտի արտօնէ երիտասարդներուն տգիտութիւնը շահագործել եւ զանոնք օգտագործել ոչ լիբանանեան ծրագիրներու մէջ»:

– ՖԻՆԻՒԼ-ի հետ պայմանագիր կնքած քաղաքային մը Խիամ-Համամես ճամբուն վրայ սահմանային դիրքերէն մէկը փոխադրուելու համար ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն սպասելու ընթացքին իսրայէլեան Մթըլլէ բնակեցման վայրէն կրակոցի ենթարկուելով վիրաւորուեցաւ:

«Մանար» հաղորդեց, որ ան Իպլ Սաքի գիւղի բնակիչ է, արհեստով սափրիչ է եւ Մուսալաս Ապու Զէյնապի մօտ անձնական «Ռենօ Ռափիտ» ինքնաշարժի մէջ կը սպասէր ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն` զինք Ապլ Քամհի մէջ սպանական զօրամասի կեդրոնատեղի փոխադրելու համար:

Ան քանի մը փամփուշտ ստացած է, եւ ՖԻՆԻՒԼ-ը զինք Մարժեհիունի պետական հիւանդանոց փոխադրած է:

– ՊԵՏԱԿԱՆ ապահովութեան ծառայութիւնը Զղարթա գաւառի Քարմաստա գիւղին մէջ հաստատուած սուրիացի ապօրինի տեղահանուածներ քանի մը անգամ գիւղէն հեռանալու եւ իրենց բնակած տուները անոնց սեփականատէրերուն վերադարձնելու կոչ ուղղելէն ետք, 75 ապօրինի տեղահանուածներ գիւղէն հեռացուց եւ 12 բնակարաններ կարմիր մոմով կնքեց:

 

Նախորդը

Պայտըն Այս Շաբաթ Համասին Եւ Իսրայէլին Պիտի Ներկայացնէ Իր Վերջնական Առաջարկը

Յաջորդը

Ապտալլա. «Ժողովրդավարական Հանդիպում Պլոքը Կը Շարունակէ Դէպի Ներքին Կարգաւորում Մղել»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.