Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ամերիկացիները Իսրայէլացիներուն Լիբանան Մուտքը Չեն Ուզեր» Կ՛ըսէ Նախկին Նախագահ Միշել Աուն

Օգոստոս 30, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն, «Ախպար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով Հըզպալլայի իր համաձայն գտնուած Սուրիոյ պատերազմին մէջ կանխարգիլման տրամաբանութեամբ Կազայի պատերազմին մէջ ներքաշուելուն մասին հարցումի մը, յայտնեց. «Ամերիկացիները իսրայէլացիներուն Լիբանան մուտքը չեն ուզեր, եւ անոնց դիրքորոշումը մինչեւ հիմա այդ է, ուստի թիւ 1701 որոշումը խախտելով ինչո՞ւ անոնց պատրուակ տանք»:

«Դիրքորոշումս կը բխի իսրայէլացիներէն պարտուելու եւ Լիբանանի ապագային նկատմամբ մտավախութենէս: Մեր եւ կուսակցութեան (Հըզպալլայի, «Ա.») միջեւ 18-ամեայ յարաբերութիւններ կան: 2006-ի յարձակումին ինձմէ զատ ոչ ոք Դիմադրութեան հետ էր, եւ հակառակ բոլոր սպառնալիքներուն ու զգուշացումներուն, անոր իբրեւ բանբեր գործեցի», ըսաւ զօր. Միշել Աուն:

Պատասխանելով յուլիս 2006-ի պատերազմին եւ այսօրուան միջեւ տարբերութեան մասին հարցումին` Աուն նշեց. «Այսօրուան պատերազմին մէջ մեր տեսած արդիական զէնքերը: Երկրորդ` 2006 թուականին Ամերիկան պատերազմին կ՛աջակցէր, իսկ այս անգամ 7 հոկտեմբերէն ետք առաջին օրէն իսկ իր նաւատորմիղներով շրջան եկաւ: Ուժերու հաւասարակշռութիւնը մեզ կարող կը դարձնե՞ն Ամերիկան դիմակայելու: Անցեալ անգամ Իսրայէլ մեր վրայ յարձակում գործեց, իսկ այս անգամ մենք ենք, որ ճակատամարտը սկսանք եւ անոնց պատրուակ տուինք»:

Պատասխանելով Հըզպալլայի հետ յարաբերութիւններուն մասին հարցումին` նախկին նախագահը յայտնեց. «Նախանձախնդիր ենք յարաբերութիւններուն, եւ բացարձակապէս չենք ընդունիր, որ քաղաքական տարակարծութիւնը համայնքային տարակարծութեան փոխուի, եւ պահանջեցի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան բոլոր անդամներէն խնդրել այդ ոճէն հեռանալ: Որոշ դժգոհութիւն ունիմ, որ կուսակցութիւնը ինծի համար կարեւոր եղող ելեւմտական ստուգման նման կարգ մը հարցերու մէջ ինծի չաջակցեցաւ: Տխրեցանք եւ մեր դժգոհութիւնները փոխանցեցինք: Սակայն ատիկա կապ չունի ռազմավարական դիրքորոշման հետ: Հաստատօրէն անոնց հետ պիտի ուրախանամ, եթէ այս պատերազմին մէջ յաղթեն եւ անոնց հետ պիտի տխրիմ, եթէ, Աստուած չընէ, պարտուին: Տակաւին համոզումիս վրայ եմ»:

Խօսելով նախագահական թղթածրարի մասին` ան ըսաւ. «Հարցը միջազգային դարձաւ եւ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակ գոյացաւ: Մտավախութիւնս այն է, որ այս թափուր դրութեան եւ այս քայքայման համար արտասահմանեան ծրագիրներ կան, ինչպէս նաեւ կայ օրին նշանակեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ մեր փոխանակած բազմաթիւ թուղթերէն ետք օրինական կառավարութիւն չըլլալու դիտաւորութիւն: Այսօր հետեւանքը այն է, որ անոնք մեծ վնաս հասցուցին սահմանադրութեան: Այլապէս ինչպէ՞ս բանակի հրամանատարի պաշտօնավարումը կ՛երկարաձգուի, երբ անկէ աւելի լաւ եղող 20 սպաներ կան: Ասիկա նաեւ կործանում է բանակին, որ ելեւմտական քայքայման պատճառով, նաեւ զինուորական հաստատութիւնը կողոպտածներուն պատճառով անկարող դարձաւ իր պարտականութիւնը կատարելու»:

 

 

Նախորդը

Մուսաուի. «Մեր Անօդաչու Թռչող Սարքերը Հասան Հոն, Ուր Պիտի Հասնէին, Եւ Յառաջիկայ Օրերը Պիտի Բացայայտեն Անոնց Իրագործած Արդիւնքները»

Յաջորդը

Այցելելով Լիբանանի Հետ Հիւսիսային Սահման` Նեթանիահու. «Լիբանանի Վրայ Կանխարգելիչ Յարձակումը Հարցի Աւարտը Չէ, Պիտի Շարունակենք Բնակիչները Հիւսիս Վերադարձնելու Քայլերը»

RelatedPosts

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ
Գլխաւոր լուրեր

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ

Հոկտեմբեր 13, 2025
«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ
Լիբանանեան

«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ

Հոկտեմբեր 13, 2025
Շէյխ Քապալան. «Լիբանանը Քաղաքական Աղէտի Մէջ Է,  Եւ Ազգային Փրկութիւնը Նախագահ Աունի Ձեռքն Է»
Լիբանանեան

Քապալան. «Հարաւային Լիբանանը Իր Ճակատագիրին Ձգուած Է»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?