Լիբանանեան

Պու Հապիպ Զուիցերիոյ Դեսպանին Հետ  Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Կացութիւնը

Պու Հապիպ Զուիցերիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Կացութիւնը

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Լիբանանի Մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Մարիոն Վէյխելթի հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի եւ շրջանի կացութիւնները: Պու Հապիպ Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ Զուիցերիոյ շնորհակալութիւն յայտնեց խորհուրդին մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան երկարաձգման ի նպաստ քուէարկելուն համար: Լիբանանեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ ծանօթացման հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպանատան ժամանակաւոր գործավար Նատա Քարիմ Մաժուլի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐՈՒ մէջ պահ գումարներ ունեցող շարք մը անձեր «Սարխաթ Մուատեհ» նախաձեռնութեան հրաւէրով Տորայի շրջանին մէջ բողոքի ցոյց կատարեցին` պահանջելու համար դրամատուներու մօտ պահ դրուած իրենց գումարները: Անոնք հրկիզեցին Տորայի մայրուղիին վրայ գտնուող «Լիպանօ Ֆրանսեզ» դրամատան մուտքի դարպասը: Մինչ դրամատան պաշտօնեաները դրամատան մէջ բանտարկուած մնացին, քաղաքացիներ շտապեցին նշեալ վայրէն իրենց ինքնաշարժները հեռացնել, որպէսզի հրոյ ճարակ չդառնան: Ցուցարարները Տորայի մէջ այլ...

Ապահովութեան Խորհուրդը Միաձայնութեամբ  Որոշեց Մէկ Տարիով Երկարաձգել  ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութիւնը

Ապահովութեան Խորհուրդը Միաձայնութեամբ Որոշեց Մէկ Տարիով Երկարաձգել ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութիւնը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը երէկ Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան երկարաձգման շուրջ նիստ մը գումարեց` քննարկելով Ֆրանսայի իբրեւ խորհուրդին մէջ «գրիչ կրող» ներկայացուցած առաջարկը: Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ֆրանսայի ներկայացուցիչը առաջարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը երկարաձգել 12 ամիսով` նշելով, որ Հարաւային Լիբանանի մէջ պատերազմ ծագելու վտանգը մեծ է: Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը յայտնեց. «Հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութիւնը քայքայուեցաւ, երբ Հըզպալլան 8 հոկտեմբերին հիւսիսային...

Դամասկոս-Պէյրութ Ճամբէն Անցնող Ինքնաշարժի Մը  Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումը 4 Զոհ Պատճառեց

Դամասկոս-Պէյրութ Ճամբէն Անցնող Ինքնաշարժի Մը Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումը 4 Զոհ Պատճառեց

4 անձեր մահացան, երբ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը յարձակում գործեց ինքնաշարժի մը վրայ, երբ անիկա Սուրիա-Լիբանան սահմանին մօտ խուզարկման անցակէտէ մը կ՛անցնէր: Դամասկոսի գիւղական շրջանի Տիմասի գիւղապետ Ապտօ Թաքի «Շամ ԷՖ.Էմ.» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ յարձակումը կատարուած է Դամասկոս-Պէյրութ ճամբուն վրայ Պէյրութ կամուրջէն ետք, եւ չորս զոհ արձանագրուած է: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին համաձայն, զոհերէն երեքը անդամ են պաղեստինեան...

Պասիլ. «Իրանը, Սուրիան Եւ Իրաքը Մինչեւ Օրս  Պատերազմ Չկատարեցին, Ուստի Ինչո՞ւ  Լիբանանը Զայն Առանձին Պէտք Է Կատարէ»

Պասիլ. «Իրանը, Սուրիան Եւ Իրաքը Մինչեւ Օրս Պատերազմ Չկատարեցին, Ուստի Ինչո՞ւ Լիբանանը Զայն Առանձին Պէտք Է Կատարէ»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց. «Մենք Պաղեստինեան դատին կողքին ենք ու պաղեստինցի ժողովուրդին կողքին կը կանգնինք եւ պատմականօրէն մեծ գին վճարեցինք, սակայն այսօր լիբանանցիին իրաւունքն է հարցնել, թէ այս պատերազմը ինչո՞ւ կը մղուի: Եթէ Մազարեհ Շեպաայի ազատագրութեան պատերազմ է, ապա մենք անոր հետ ենք, եւ եթէ դատի մը, գերիշխանութեան կամ լիբանանեան հարստութեան պաշտպանութեան համար է, մենք...

Ժոմպլաթ. «Լիբանանի Մէջ Սուրիացի  Տեղահանուածներու Հարցը Լուծելու Համար  Պէտք Է Սուրիական Վարչակարգին Հետ  Երկխօսութիւն Կատարել»

Ժոմպլաթ. «Լիբանանի Մէջ Սուրիացի Տեղահանուածներու Հարցը Լուծելու Համար Պէտք Է Սուրիական Վարչակարգին Հետ Երկխօսութիւն Կատարել»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ իր ղեկավարներէն Ֆուատ Շուքրի ահաբեկման Հըզպալլայի հակադարձութիւնը լաւապէս սերտուած էր, եւ Հըզպալլայի իսրայէլեան պաշտպանական համակարգերը շրջանցելը կարեւոր հարց է: Ան նշեց, որ զանց կացուցման տեսութիւնը սխալ է, եւ չենք կրնար Լիբանանը զանց կացուցել շրջանի անցուդարձէն: Ժոմպլաթ «Արապի» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ ինքնապաշտպանութիւնը, ըլլայ այդ պետութեան կամ Հըզպալլայի նման...

«Աշխատանք Կը Տանինք Կազայի Մէջ Մնայուն  Զինադադարի Հաստատման Ճամբով Լիբանանը  Լայնածաւալ Պատերազմէ Ազատելու Համար»  Կ՛ըսէ Եգիպտոսի Դեսպանը

«Աշխատանք Կը Տանինք Կազայի Մէջ Մնայուն Զինադադարի Հաստատման Ճամբով Լիբանանը Լայնածաւալ Պատերազմէ Ազատելու Համար» Կ՛ըսէ Եգիպտոսի Դեսպանը

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Գահիրէն Կազայի մէջ մնայուն զինադադար հաստատելու իր ջանքերուն միջոցով աշխատանք կը տանի եղբայրական Լիբանանը ազատելու լայնածաւալ պատերազմէ մը: Ան ընդգծեց, որ սկիզբէն ի վեր Եգիպտոսի դիրքորոշումը այդ եղած է, եւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի շեշտած է, որ պէտք չէ տագնապը ընդլայնել եւ հարաւային Լիբանանի ճակատը...

Պու Հապիպ Ֆրանսայի  Եւ Միացեալ Նահանգներու  Հետ Քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Երկարաձգման Որոշումին Բնագիրը

Պու Հապիպ Ֆրանսայի Եւ Միացեալ Նահանգներու Հետ Քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Երկարաձգման Որոշումին Բնագիրը

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցով նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ շարունակեց ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան երկարաձգման հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամներուն հետ իր հանդիպումները: Ան հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լիզա Ճոնսընի հետ, եւ անոնց հետ քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան երկարաձգման որոշումի նախագիծը, որ Ֆրանսան իբրեւ խորհուրդին մէջ «գրիչ կրող» ներկայացուց Ապահովութեան խորհուրդին:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լիզա Ճոնսընի հետ քննարկեց երկու երկիրներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ առաքելութեան երկարաձգման հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստի գումարման համար ընթացող աշխատանքները: - «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը կը գրէ. «Հարաւային ճակատին վրայ կացութիւնը վերադարձաւ նախապէս գոյութիւն ունեցող կանոններով կառավարման»: - ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Իպրահիմ Քանաան հրաժարեցաւ Ազգային ազատ հոսանք...

Զօր. Պրաուն. «Իսրայէլի Եւ Հըզպալլայի Միջեւ  Բախումէն Ետք Աւելի Լայն Ծաւալով Պատերազմի Ծագման Վտանգը Որոշ Չափով Նուազեցաւ»

Զօր. Պրաուն. «Իսրայէլի Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Բախումէն Ետք Աւելի Լայն Ծաւալով Պատերազմի Ծագման Վտանգը Որոշ Չափով Նուազեցաւ»

Միացեալ Նահանգներու բանակի միացեալ սպայակոյտի պետ զօր. Չարլզ Պրաուն յայտնեց. «Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ առանց յաւելեալ մագլցումի փոխադարձ կրակոցէն ետք, Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմի ծիրի մօտիկ ապագային ընդլայնման վտանգները որոշ չափով նուազեցան, սակայն Իրան Իսրայէլին հարուած հասցնելը սերտելով տակաւին կը շարունակէ մեծ վտանգ ներկայացնել»: «Հըզպալլայի յարձակումը միայն մէկն էր այն մեծ յարձակումներէն, որոնք վերջին շաբաթներուն սպառնաց շղթայազերծել Իսրայէլի դէմ: Իրան...

Քըրպի. «Հըզպալլայի Վերջին Յարձակումը  Իր Տարողութեամբ Աւելի Մեծ Էր Եւ Տարբեր,  Քան Այն, Ինչ Որ Ամէն Օր Կը Տեսնէինք»

Քըրպի. «Հըզպալլայի Վերջին Յարձակումը Իր Տարողութեամբ Աւելի Մեծ Էր Եւ Տարբեր, Քան Այն, Ինչ Որ Ամէն Օր Կը Տեսնէինք»

Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի, անդրադառնալով Հըզպալլայի` իր մարտական ղեկավարներէն Ֆուատ Շուքրի ահաբեկման հակադարձութեան, յայտնեց. «Հըզպալլայի շղթայազերծած յարձակումները որեւէ ազդեցութիւն չունեցան (Կազայի մէջ) զինադադարի հաստատման վերաբերեալ (Գահիրէի մէջ) ընթացող բանակցութիւններուն վրայ», որոնք «շինիչ են, հակառակ Հըզպալլայի վերջին յարձակումներուն»: Քըրպի, սակայն, հաստատեց. «Հըզպալլայի վերջին յարձակումը իր տարողութեամբ աւելի մեծ էր եւ տարբեր, քան այն, ինչ որ ամէն օր...

Լափիտ. «Սարսափի Մէջ Ապրող Կառավարութիւնը  Դատարկեց Հիւսիսը, Եւ Չի Գիտեր Անոր Բնակչութիւնը  Ինչպէ՛ս Դպրոցական Վերամուտէն Առաջ Վերադարձնել»

Լափիտ. «Սարսափի Մէջ Ապրող Կառավարութիւնը Դատարկեց Հիւսիսը, Եւ Չի Գիտեր Անոր Բնակչութիւնը Ինչպէ՛ս Դպրոցական Վերամուտէն Առաջ Վերադարձնել»

Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կառավարութիւնը պիտի չկարենայ Լիբանանի հետ սահմանին վրայ բնակեցման վայրերուն անվտանգութիւնը վերականգնել, մինչ դպրոցական նոր տարեշրջանը կը մօտենայ: «Կրթական նոր տարեշրջանի սկիզբին մէկ շաբաթէն նուազ մնաց (սեպտեմբերի սկիզբը), եւ հիւսիսը տակաւին լքուած է», յայտնեց Լափիտ: «Հիւսիսի մէջ հազարաւոր աշակերտներ եւ տասնեակ հազարաւոր ծնողներ կան, որոնք չեն գիտեր, թէ դպրոցական տարեշրջանը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ երէկ կէսօրէ ետք յայտարարեց. «30 հազար թոն քարիւղով բեռցուած քարիւղատար «Այն Աքր» նաւը հասաւ Զահրանի եւ սկսաւ իր բեռը պարպել, ինչ որ կ՛արտօնէ ելեկտրականութեան մատակարարումը 4-էն 6 ժամի բարձրացնել»: Նաւը բեռցուած է Լիբանանի օգնութեան համար Ալճերիոյ յատկացուցած քարիւղով: - ԻՍՐԱՅԷԼԸ մեր տունն է կուսակցութեան ղեկավար Աւիկտոր Լիպըրման յայտարարեց. «Նեթանիահուն ու անոր...

Կալանթ. «Հըզպալլայի Դէմ Պատերազմը  Հեռաւոր Ապագային Է Եւ Ոչ Թէ Հիմա»

Կալանթ. «Հըզպալլայի Դէմ Պատերազմը Հեռաւոր Ապագային Է Եւ Ոչ Թէ Հիմա»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտարարեց. «Հըզպալլայի դէմ պատերազմը հեռաւոր ապագային է եւ ոչ թէ հիմա»: Կալանթ աւելցուց, որ իսրայէլեան բանակը ձախողութեան մատնած է Հըզպալլայի կիրակի օրուան գործողութիւնը: Իսրայէլի բանակի բանբերը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ կրնայ հաստատել, որ «Կալիլոթ» ռազմակայանը անվնաս մնացած է, հակառակ անոր որ Հըզպալլայի յարձակումին գլխաւոր թիրախն էր: Զինուորական հետախուզութեան` Ամանի ռազմակայանը, որ նաեւ կը ներառէ...

Պու Հապիպ – Պորել Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն

Պու Հապիպ – Պորել Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկեց հարաւային Լիբանանի եւ շրջանին մէջ զարգացումները: Պորել զօրակցութիւն յայտնեց «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի անմիջական գործադրութիւնը պահանջող Լիբանանի դիրքորոշումին»: Պու Հապիպ եւ Պորել ցաւ յայտնեցին «Միացեալ Նահանգներու, Քաթարի եւ Եգիպտոսի ղեկավարած, Կազայի...

Սալիվըն. «Կը Յուսամ, Որ Հըզպալլայի Հետ  Կացութիւնը Վերահսկողութենէ Դուրս Չի Գար»

Սալիվըն. «Կը Յուսամ, Որ Հըզպալլայի Հետ Կացութիւնը Վերահսկողութենէ Դուրս Չի Գար»

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն յայտնեց, որ կը յուսայ, թէ Հըզպալլայի հետ կացութիւնը վերահսկողութենէն դուրս գալով դէպի մագլցում չուղղուիր: Սալիվըն Քանատայի Հալիֆաքս շրջանին մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Հըզպալլայի հետ ներկայ կացութեան շուրջ մնայուն կապի մէջ է Իսրայէլի հետ: Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան խորհրդատուն Ուաշինկթընի մտահոգութիւնը յայտնեց Միջին Արեւելքի...

Պեն Ղաֆիր Հըզպալլայի Դէմ Պատերազմ  Շղթայազերծելու Կոչ Կ՛ուղղէ

Պեն Ղաֆիր. «Իսրայէլ Պէտք Չէ Կանխարգելիչ Մէկ Հարուածով Բաւարարուի, Այլ Պէտք Է Հըզպալլայի Դէմ Վճռական Պատերազմ Շղթայազերծէ»

Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար, ծայրայեղ աջակողմեան Իթամար Պեն Ղաֆիր յայտնեց. «(Իսրայէլի) պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ Համասի առջեւ ծունկի կու գայ եւ Իսրայէլը կը մղէ ոչ օրինական գործարքի: Կալանթ պարտուողական իր քանդիչ քաղաքականութիւնը կը շարունակէ նաեւ հիւսիսի մէջ Հըզպալլայի դէմ»: «Իսրայէլ պէտք չէ կանխարգելիչ մէկ հարուածով բաւարարուի, այլ պէտք է Հըզպալլայի դէմ շղթայազերծէ վճռական պատերազմ մը, որ կը վերացնէ հիւսիսի մէջ...

Լափիտ. «Երէկ Օգտագործուած Ուժը, Հակառակ  Ուշացումին, Կրնայ Հըզպալլայի Հետ Քաղաքական  Լուծումի Հասնելու Ճնշում Բանեցնել»

Լափիտ. «Երէկ Օգտագործուած Ուժը, Հակառակ Ուշացումին, Կրնայ Հըզպալլայի Հետ Քաղաքական Լուծումի Հասնելու Ճնշում Բանեցնել»

Իսրայէլի ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ յայտնեց. «Այն ուժը, որ երէկ օգտագործուեցաւ, հակառակ ուշացումին կրնայ Հըզպալլայի հետ քաղաքական լուծումի հասնելու ճնշում բանեցնել»: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը: «Պենիամին Նեթանիահուի կառավարութիւնը մեզի յաւիտեանս պատերազմ կ՛առաջարկէ, եւ մենք չեմ կարծեր, որ Իսրայէլի նպատակը պէտք է ատիկա ըլլայ», ըսաւ Լափիտ: «Կառավարութիւնը պէտք էր Կազայի մէջ իր ուղղուածութիւնը շատոնց փոխէր ու կնքէր գործարք մը...

Ֆրանչիսկոս Պապը Պէյրութի Նաւահանգիստի  Պայթումին Հարցով Ճշմարտութեան Բացայայտման  Եւ Արդարութեան Հաստատման Կոչ Ուղղեց

Ֆրանչիսկոս Պապը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Ճշմարտութեան Բացայայտման Եւ Արդարութեան Հաստատման Կոչ Ուղղեց

Ֆրանչիսկոս պապը Պէյրութի նաւահանգիստի աւելի քան 220 զոհ եւ աւելի քան 6500 վիրաւոր պատճառած պայթումին հարցով ճշմարտութեան բացայայտման եւ արդարութեան հաստատման կոչ ուղղեց: Պապը զոհերու ընտանիքներուն անդամները ընդունելուն ընթացքին յայտնեց. «Ես ձեզի հետ կը պահանջեմ ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը, որոնք երկուքն ալ տակաւին չիրականացան: Բոլորս գիտենք, թէ խնդիրը բարդ ու փշոտ է, եւ հակադիր ուժեր ու շահեր անոր վրայ կ՛ազդեն»: Շուրջ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը երէկ Սայտայի Շամահ պողոտային վրայ ինքնաշարժ մը հարուածեց: Պաղեստինեան աղբիւրներ «Նաշրա»-ին յայտնեցին, որ թիրախը պաղեստինեան Համաս շարժումի ղեկավարներէն «Ա.Հ.»-ն էր` աւելցնելով, որ ան փրկուած է, սակայն վիրաւորուած է: «Լեպանոն Տիպէյթ»-ի համաձայն, թիրախաւորուած ինքնաշարժը կը պատկանի Համասի ղեկավարներէն Նիտալ Հլէյհելին, որ փրկուած է: - ԵՐԷԿ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի ցուցմունքով վարչապետարանին ու պետական այլ հաստատութիւններու...

Page 185 of 986 1 … 184 185 186 … 986

Արխիւներ