Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապտալլա. «Եթէ Սուրիական Վարչակարգին Հետ Պէտք Է Բանակցիլ, Ապա Բանակցինք Տեղահանուածները Իրենց Երկիր Վերադարձնելու Եւ Մաքսանենգումը Դադրեցնելու Համար»

Սեպտեմբեր 3, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Պիլալ Ապտալլա յայտնեց. «Պլոքին եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին նկատմամբ մօտեցումը հիմնուած է այդ առնչութեամբ մեր հրապարակած փաստաթուղթին վրայ, որ լիբանանեան ազգային շահին նկատմամբ նախանձախնդրութենէ կը բխի` ընդունելով այդ տեղահանուածներուն տնտեսական բեռ ու ժողովրդագրական ու այլ մակարդակներու վրայ խնդիրներ ստեղծելը եւ լիբանանցիներու մեծ հատուածին մօտ մղձաւանջ պատճառելը»:

Ապտալլա «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ իրենց փաստաթուղթը նաեւ կը բխի այն նախանձախնդրութենէն, որ այդ թղթածրարին մէջ ցեղապաշտական մօտեցում չըլլայ, մինչ միջազգային ընտանիքը իր պատասխանատուութիւններէն նահանջ կը կատարէ, իսկ սուրիական վարչակարգը խանդավառ չէ տեղահանուածներու տունդարձով:

«Մեկնելով վերոնշեալներէն մեր մօտեցումը կը պահանջէ տեղահանուածներու տագնապի լուծման համար կապ հաստատել սուրիական վարչակարգին հետ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանը կառավարութեան պարտականութիւն եւ ամբողջական լիազօրութիւններ տուաւ սուրիական վարչակարգին ու պետութեան հետ երկխօսութիւն կատարելու` քննարկելու համար ձեւը սուրիացի տեղահանուածները իրենց երկիր վերադարձնելու` անոնց անվտանգութիւնը պահպանելու եւ Լիբանանի բեռը թեթեւցնող ժամանակացոյցի մը ստեղծումով», նշեց երեսփոխանը:

«Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ վերահաստատեց այդ հարցը, որպէսզի չըսուի, թէ տեղահանուածները իրենց երկիր չվերադարձնելուն պատճառը Սուրիոյ հետ կապի հաստատման մերժումն է, թէեւ մեր հաստատ համոզումը այն է, որ սուրիական վարչակարգը կը բանակցի նախ եւ առաջ ստանալու համար միջազգային օրինականութիւն, զոր տակաւին չէ ապահոված, ինչպէս նաեւ վերակառուցման պատրուակով գումարներ կ՛ուզէ:

«Ուստի այն, ինչ որ այսօր կ՛ըսենք, հետեւեալն է. եթէ պէտք է բանակցիլ, ապա բանակցինք սուրիացիները տուն դարձնելու, պէտք եղած ցուցակները ապահովելու եւ սահմանային մաքսանենգութիւնը դադրեցնելու համար», ըսաւ Ապտալլա:

 

Նախորդը

Քարամէ. «Օգոստոս Ամսուան Ելեկտրականութեան Տուրքը Ջնջելու Առաջարկը Շատ Արդարացի Է Եւ Օրինական»

Յաջորդը

Պու Հապիպ. «Սուրիացի Տեղահանուածներու Խնդիրի Լուծումը Սուրիոյ Մէջ Վաղաժամ Վերականգնման Ծրագիրներուն Գործարկումն Է»

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?