Թլէյս. «Շրջակայ Միջավայրի Պաշտպանութիւն» Նշանաբանին Տակ Վառելանիւթերու Վրայ Նոր Տուրքի Հաստատումը Կը Մերժենք»
Լիբանանի մէջ ցամաքային փոխադրամիջոցներու միութիւններու եւ սենտիքաներու նախագահ Պասսամ Թլէյս մերժեց կառավարութեան «շրջակայ միջավայրի պաշտպանութիւն» նշանաբանին տակ վառելանիւթերու վրայ նոր տուրք հաստատելու փորձը: Ան ըսաւ, որ ցամաքային փոխադրամիջոցներու միութիւններն եւ սենտիքաները շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան սկզբունքին դէմ չեն, անոր կը զօրակցին, սակայն «ատիկա կարելի չէ կատարել` աւելի շատ գումար վերցնելով գրպաններէն այն քաղաքացիներուն, որոնք հազիւ կը կարողանան ծայրը ծայրին հասցնել եւ...




















