Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, խորհրդարանի արտաքին հարցերու յանձնախումբի քարտուղար Յակոբ Բագրատունի հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Եոքոթա Քինժիի հետ, Պաապտայի մէջ:
Քննարկուեցան խորհրդարանական դիւանագիտութեան կարեւորութիւնը եւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման հեռանկարները:
Հանդիպումին ներկայ լիբանանցի այլ երեսփոխաններ շնորհակալութիւն յայտնեցին Ճափոնին ներկայ զգայուն պայմաններուն մէջ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած հաստատուն զօրակցութեան համար:


