Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի Իրականացման Հետեւելու Համար

September 19, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Երկաթուղիներու եւ միացեալ փոխադրամիջոցի վարչութիւնը» հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ լիբանանեան եւ սուրիական թեքնիք պատուիրակութիւններ հանդիպումներ եւ գետնի վրայ ստուգումներ կատարած են` հետեւելու երկու երկիրներուն միջեւ երկաթուղիները վերամիացնելու եւ Թրիփոլիի նաւահանգիստը սուրիական երկաթուղային ցանցին միացնելու նախագիծերուն:

Այդ հանդիպումները տեղի ունեցած են 25 օգոստոսին Դամասկոսի մէջ Լիբանանի հանրօգուտ շինութիւններու նախարար Ֆայեզ Ռասամնիի եւ Սուրիոյ փոխադրամիջոցի նախարար դոկտ. Եահրապ Պարտի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման արդիւնքներուն հետեւելու ծիրին մէջ:

Լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կազմած են Երկաթուղիներու եւ միացեալ փոխադրութեան վարչութեան ընդհանուր տնօրէն Զիատ Շիան եւ Թրիփոլիի նաւահանգիստի տնօրէն Ահմետ Թամերը:

Շրջագայութիւնը կը ներառէր Թրիփոլիի նաւահանգիստին մէջ գտնուող երկաթուղային գիծի զննում, եւ սուրիական կողմը «դրական դիտարկումներ յայտնեց ատոր վիճակին եւ զայն օգտագործելու կարելիութեան վերաբերեալ, եթէ ատոր վերջնական վաւերականութիւնը կախեալ ըլլայ խորհրդատուի կողմէ պայմանագիրի համաձայն իրականացուող թեքնիք զննումներէն»:

Երկու պատուիրակութիւնները նաեւ այցելեցին սուրիական կողմը գտնուող «Աքքար»-ի կայարան, որ կը գտնուի լիբանանեան սահմանէն շուրջ հինգ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, «ուր քննարկուեցաւ լիբանանեան գիծը ատոր միացնելու կարելիութիւնը, իսկ այդտեղէն ալ` դէպի Հոմս եւ սուրիական երկաթուղային ցանցի մնացեալ մաս:

«Սուրիական կողմը բացատրեց, թէ երկու ցանցերուն միջեւ երկաթուղային հատուածներու տարբերութիւնը թեքնիք կամ գործառնական խոչընդոտ չի հանդիսանար միացման հոլովոյթին համար»:

Հանդիպումներն ու ստուգումները աւարտեցան նախագիծին վրայ աշխատանքները շարունակելու համաձայնութեամբ, իսկ յաջորդ փուլը պիտի կեդրոնանայ երկաթուղիի թեքնիք ուսումնասիրութիւններու աւարտման, ապրանքներու սպասուող տեղաշարժի, տնտեսական նպատակայարմարութեան, արժէքի եւ ֆինանսաւորման աղբիւրներու որոշման վրայ` երկու կողմերուն միջեւ միացեալ թեքնիք աշխատաժողով գումարելու նախապատրաստման նպատակով:

Եթէ նպատակայարմարութիւնը ապացուցուի եւ անհրաժեշտ ֆինանսաւորումը ապահովուի, նախագիծը Թրիփոլիի նաւահանգիստը «Աքքար»-ի կայարանի եւ Հոմսի միջոցով պիտի կապէ սուրիական երկաթուղային ցանցին, այդպիսով բարձրացնելով անոր դերը շրջանային առեւտուրին եւ փոխադրութեան մէջ` ապագային այս կապը զարգացնելու կարելիութեամբ` աւելի լայն շրջանային գումակային միջանցքի ծիրին մէջ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան Ամրապնդման Նկատմամբ»

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.