Լիբանանեան

Քաց. «Բանակին Հրամայեցի Լիբանանի  Ապահովական Շրջանին Մէջ Աւելի Երկար Մնալու  Բոլոր Անհրաժեշտ Քայլերուն Ձեռնարկելու»

Քաց. «Բանակին Հրամայեցի Լիբանանի Ապահովական Շրջանին Մէջ Աւելի Երկար Մնալու Բոլոր Անհրաժեշտ Քայլերուն Ձեռնարկելու»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Բանակին հրամայեցի Լիբանանի ապահովական շրջանին մէջ աւելի երկար մնալու բոլոր անհրաժեշտ քայլերուն ձեռնարկելու: «Բանակը Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Կազայի անվտանգութեան գօտիին մէջ պիտի մնայ` ամբողջ Իսրայէլը պաշտպանելու համար»:

Պայրագտարեան Իբրեւ Վարչապետի  Ներկայացուցիչ Մասնակցեցաւ Իսլամական  Սկաուտական Միութեան Բանակավայրի Յոբելեանին

Պայրագտարեան Իբրեւ Վարչապետի Ներկայացուցիչ Մասնակցեցաւ Իսլամական Սկաուտական Միութեան Բանակավայրի Յոբելեանին

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան մասնակցեցաւ Իսլամական սկաուտական միութեան Ռուէյսեթ Սոֆարի մէջ 1934-ին հաստատուած ամառնային մնայուն բանակավայրի ադամանդէ յոբելեանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ անձնաւորութիւններու մասնակցութեամբ տօնակատարութեան` իբրեւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի ներկայացուցիչ: Սոյն տօնակատարութիւնը եկաւ ընդգծելու սկաուտական շարժման կարեւոր դերը կարգապահութեան, կամաւորականութեան, պատասխանատուութեան եւ համայնքային ծառայութեան արժէքներու սերմանման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ անոր ներդրումը զարգացման գործին մէջ ներգրաւուած ու գործօն...

Պարրօ Բարձր Գնահատեց Մահապատիժը  Ջնջելու Լիբանանի Խորհրդարանի «Պատմական Եւ Յանդուգն» Որոշումը

Պարրօ Բարձր Գնահատեց Մահապատիժը Ջնջելու Լիբանանի Խորհրդարանի «Պատմական Եւ Յանդուգն» Որոշումը

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոել Պարրօ բարձր գնահատեց մահապատիժը ջնջելու Լիբանանի խորհրդարանի «պատմական եւ յանդուգն» որոշումը` ընդգծելով, որ Լիբանան այդպիսով դարձաւ «Միջին Արեւելքի մէջ առաջին պետութիւնը, որ մահապատիժը կը ջնջէ»: Պարրօ «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Այս քուէարկութիւնը ապացուցեց, թէ Լիբանան, հակառակ իր դիմագրաւած դժուարութիւններուն, տակաւին կը պահպանէ շրջանին մէջ իր ուրոյն ձայնը եւ կը մնայ օրինակելի` ամրապնդելու ժողովրդավարական արժէքներն ու ազատութիւնները,...

Ժոմպլաթ. «Ոչ Թէ Մասնատումէն Կը Վախնամ,  Այլ Յարաբերութիւններու Բնականոնացումէն»

Ժոմպլաթ. «Ոչ Թէ Մասնատումէն Կը Վախնամ, Այլ Յարաբերութիւններու Բնականոնացումէն»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ իր «Մերձաւոր Արեւելքէն Ճակատագիր մը» խորագրեալ  գիրքի շնորհահանդէսի ընթացքին յայտնեց. «Կարելի չէ Թաէֆի համաձայնագիրը բարեփոխել, որովհետեւ դուռ կը բանայ բազմաթիւ բարեփոխումներու, եւ լիբանանեան կառուցուածքին հետեւանքով կարելի չէ քաղաքական համայնքայնութեան յօդուածը գործադրել»: Անդրադառնալով Սուրիոյ` Ժոմպլաթ ըսաւ. «Սուրիոյ հետ մեր յարաբերութիւններու բարելաւումն ու ամրապնդումը Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութեան ամրապնդման համար շատ օգտակար է»: Պատասխանելով շրջանային...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 15-րդ կայանին. «Հարաւային Լիբանանի մէջ փորձնական շրջանի ընդլայնում չկայ, եւ կը պահանջենք, որ լիբանանեան բանակը գետնի վրայ Հըզպալլային դէմ դնէ»: . ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանան բանակցութիւններուն իր մասնակցութիւնը սառեցնելով կը փորձէ խուսանաւում կատարել` հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցողին նկատմամբ իր հիասթափութիւնը արտայայտելու համար, սակայն իրողութեան մէջ բանակցութեան սեղանը կը մնայ անոր պարտադիր ընտրանքը»: ....

Աուն. «Բանակցութիւնները  Յառաջընթաց Կ՛արձանագրեն»

Աուն. «Բանակցութիւնները Յառաջընթաց Կ՛արձանագրեն»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Մարոնիներու սփիւռքեան հաստատութեան պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Ռոզ Շուէյրիի, եւ յայտնեց. «Բանակցութիւնները յառաջընթաց կ՛արձանագրեն եւ ամէն պարագայի մեր դէմ քանդիչ պատերազմի արդիւնքներէն աւելի լաւ կը մնան»: «Շրջագծային բանաձեւի ստորագրումէն ետք, մեր երկրին վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն տարողութիւնը նուազեցաւ, ինչ որ դրական անդրադարձ ունեցաւ լիբանանցիներուն ամառը իրենց հայրենիքին մէջ անցընելու համար վերադարձին վրայ», ըսաւ ան:...

Լիբանանի Մէջ Մահապատիժը Ջնջուեցաւ

Լիբանանի Մէջ Մահապատիժը Ջնջուեցաւ

Երէկ առաւօտեան ընթացք առաւ խորհրդարանի օրէնսդրական լիագումար նիստը, որուն սկիզբը երեսփոխանները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին խորհրդարանի մահացած նախկին փոխնախագահ Միշէլ Մաալուլիի յիշատակը: Խորհրդարանը որդեգրեց Լիբանանի մէջ մահապատիժը ջնջող օրինագիծը` զայն բարեփոխելէ ետք: Ըստ բարեփոխումին, այս օրինագիծի որդեգրումէն առաջ գործուած ոճիրները փոխան մահապատիժի ցկեանս բանտարկութեամբ կը պատժուին, իսկ որդեգրումէն ետք գործուածները խստացուած դրութեամբ ցկեանս բանտարկութեամբ: Երեսփոխան Նեպիլ Պատր քննադատեց խստացուած...

Իսա. «Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները  Մեծ Յառաջընթաց Կ՛արձանագրեն»

Իսա. «Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները Մեծ Յառաջընթաց Կ՛արձանագրեն»

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսա յայտնեց. «Լիբանանեան-իսրայէլեան բանակցութիւնները երկու կամ երեք շաբաթը անգամ մը տեղի կ՛ունենան, եւ մեծ յառաջընթաց կ՛արձանագրեն ու իւրաքանչիւր փուլի նոր լուծում մը կը ներկայացնեն»: Իսա այս մասին յայտնեց Պալամանտի մէջ յոյն ուղղափառ պատրիարքական նստավայր այցելելէ եւ յոյն ուղղափառներու Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքին հետ Պալամանտի համալսարանի տնօրէն դոկտ. Էլիաս Ուարրաքի եւ Պալամանտի վանքի աբբահայր Ժորժ...

Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի`  Իր Գերիշխանութիւնը Սիոնական Վարչակարգի  Յարձակումներէն Պաշտպանելու Անոր Ջանքերուն»

Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի` Իր Գերիշխանութիւնը Սիոնական Վարչակարգի Յարձակումներէն Պաշտպանելու Անոր Ջանքերուն»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի բուռն կերպով դատապարտեց «անցնող օրերուն սիոնական վարչակարգին հարաւային Լիբանանի մէջ գտնուող շրջաններու վրայ շղթայազերծած վայրագ յարձակումները»: Այս մասին հաղորդեց ԻՐՆԱ-ն: «Բռնագրաւող վարչակարգին յարձակումներուն ու Լիբանանի հողային ամբողջականութիւնն ու ազգային գերիշխանութեան ոտնահարման շարունակումը» նշելով նախարարութիւնը յայտնեց. «Միջազգային հաստատութիւններու, մասնաւորաբար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի լռութիւնն ու չհետաքրքրուիլը սիոնական վարչակարգը կը քաջալերեն դառնալու աւելի անամօթ եւ կը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւն. «Սեպտեմբերի սկիզբը Հռոմի մէջ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւններու նոր փուլ տեղի պիտի ունենայ»: . ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանանեան կողմը Ուաշինկթընին յայտնեց, որ բանակցութիւններու յառաջիկայ փուլէն առաջ իսրայէլեան կողմէն ականահարման եւ քանդման բոլոր աշխատանքներու դադրեցման երաշխիքներ եւ փորձնական շրջաններու տարածքը ընդլայնելով երկու յաւելեալ բնորդային շրջաններ ներառելու խոստում կ՛ուզէ»: . ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի...

Նախագահ Աուն Ընդունեց Սիմոն Քարամը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Սիմոն Քարամը

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւններուն մէջ լիբանանեան պատուիրակութեան ղեկավար, նախկին դեսպան Սիմոն Քարամը: Նախագահը դեսպան Քարամէն տեղեկացաւ անցեալ շաբաթ Հռոմի մէջ լիբանանեան, ամերիկեան եւ իսրայէլեան պատուիրակութիւններուն միջեւ ժողովներուն ընթացքին տեղի ունեցած քննարկումներուն մասին եւ անոր տուաւ յաջորդ փուլին վերաբերեալ իր ցուցմունքները: Նախագահ Աուն նաեւ ընդունեց Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի բաժանմունքի նոր նշանակուած...

Մնասսա Պու Սաապին Յանձնեց Համաներման  Օրէնքի Բարեփոխումներու Առաջարկին  Վերաբերեալ Բանակին Նկատումները

Մնասսա Պու Սաապին Յանձնեց Համաներման Օրէնքի Բարեփոխումներու Առաջարկին Վերաբերեալ Բանակին Նկատումները

Պաշտպանութեան նախարար Միշէլ Մնասսա այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ եւ անոր հետ քննարկեց ընդհանուր կացութեան, մասնաւորաբար բանակի իրավիճակը եւ Հարաւի ու Արեւմտեան Պեքայի վրայ իսրայէլեան յարձակումները, ականահարումները, գիւղերու եւ տուներու աւերումը, հողագործութեան ու անտառային տարածքները հրդեհելու շարունակելուն լոյսին տակ քաղաքական ու դաշտային զարգացումները: Հանդիպումէն ետք Մնասսա այցելեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապին եւ անոր...

Ժոմպլաթ. «Իսրայէլացիին Լիբանանի Մէջ Սկսած Պատերազմը Կրնայ Մէկ Կամ Երկու Տարի Տեւել»

Ժոմպլաթ. «Սուրիոյ Հետ Մեր Յարաբերութիւններուն Բարելաւումը Լիբանանի Մէջ Ազգային Միասնականութեան Ամրապնդման Համար Շատ Օգտակար Է»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ իր յուշերու «Այս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ճակատագիր մը» խորագիրով գիրքի գինեձօնի հանդիսութեան ընթացքին նշեց. «Լիբանանը ստեղծուեցաւ փոքրամասնութիւններու դաշինքին վրայ, ապա Իրաքի տապալումէն ետք եկաւ Իրանի աջակցութիւնը, Ասատի վարչակարգը Իսրայէլի հետ համակարծիք գտնուեցաւ, եւ Իսրայէլ տակաւին իր գրաւը կը դնէ Լիբանանէն Սուրիա, Իրաք եւ Իրան փոքրամասնութիւններու դաշինքի նախադրեալին վրայ»: «Ռազմավարական մեծ դաշինքները չենք կրնար...

Դատաւոր Համուշ Ռիատ Սալամէն  Ու Սամիր Հաննան Ամբաստանեց  Ելեւմտական Յանցագործութիւններով

Դատաւոր Համուշ Ռիատ Սալամէն Ու Սամիր Հաննան Ամբաստանեց Ելեւմտական Յանցագործութիւններով

Պէյրութի մէջ վերաքննիչ ընդհանուր դատախազ, դատաւոր Ռաժա Համուշ Կեդրոնական դրամատան նախկին կառավարիչ Ռիատ Սալամէն ու «Աուտէ» դրամատան վարչական խորհուրդի նախագահ Սամիր Հաննան ամբաստանեց ելեւմտական ու դրամական յանցագործութիւններով եւ թղթածրարը փոխանցեց Պէյրութի առաջին քննիչ դատաւոր Ռուլա Օսմանին: Լիբանանեան պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Համուշ Սալամէին ու Հաննային վերագրած է յանցագործութիւններ, որոնք կը վերաբերին կեղծ ընկերութիւններու ստեղծման, Կեդրոնական դրամատան պատկանող գումարներու իւրացման,...

Պըզրի. «Բանակցութիւններու Թղթածրարին Մէջ  Լիբանանեան Դիրքորոշումը Աւելի Կարծրացաւ,  Ինչ Որ Որոշ Հանգստութիւն Կը Ներշնչէ»

Պըզրի. «Բանակցութիւններու Թղթածրարին Մէջ Լիբանանեան Դիրքորոշումը Աւելի Կարծրացաւ, Ինչ Որ Որոշ Հանգստութիւն Կը Ներշնչէ»

Երեսփոխան Ապտելռահման Պըզրի «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններու թղթածրարին մէջ լիբանանեան քաղաքական ու դիւանագիտական դիրքորոշումը աւելի կարծրացաւ, ինչ որ Լիբանանի մէջ որոշ հանգստութիւն կը ներշնչէ»: «Կառավարութեան առաւելութիւններէն մէկը այն է, որ երբ հարաւային որոշ շրջաններ կ՛երթայ, միայն իբրեւ զինուորական ուժ չ՛երթար, այլ նաեւ կը մասնակցի ծառայութիւններու եւ ենթակառոյցներու նախարարներու միջոցով», նշեց ան: Անդրադառնալով համաներման օրէնքին` Պըզրի ըսաւ. «Կը յուսայինք,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ԱՆՊԱ» օրաթերթ. «Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց Միջին Արեւելքի քարտէս մը, ուր Հարաւային Լիբանանի մէջ անոր բռնագրաւած տարածքները Իսրայէլի սահմաններէն ներս կ՛երեւին: Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան «Էքս»-ի իր պաշտօնական էջին վրայ հրապարակած քարտէսին ստեղծած իրարանցումէն ետք անիկա ջնջուեցաւ: Լիբանանցիները արտաքին գործոց նախարարութենէն պահանջեցին այս դիտաւորեալ արարքին դէմ քայլի դիմել»: «Ժումհուրիա» օրաթերթը կը նշէ, որ այդ քարտէսը Իսրայէլի արտաքին գործոց...

Վաղը Եւ Միւս Օր Խորհրդարանի Լիագումար Նիստ

Վաղը Եւ Միւս Օր Խորհրդարանի Լիագումար Նիստ

Խորհրդարանի դիւանը Այն Թինէի մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ մասնակցութեամբ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի եւ դիւանի անդամներ երեսփոխան Հատի Ապու Հասանի, երեսփոխան Ալեն Աունի, երեսփոխան Միշէլ Մուսայի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, երեսփոխան Քարիմ Քապպարայի եւ խորհրդարանի քարտուղար Ատնան Տահերի: Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ ժողովէն ետք յայտնեց, որ քննարկուած է խորհրդարանի երեքշաբթի եւ...

Պայրագտարեան Ընդունեց Պասպուսն ու Սալեմը

Պայրագտարեան Ընդունեց Պասպուսն ու Սալեմը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ծովային ու ցամաքային փոխադրամիջոցներու ընդհանուր տնօրէն գնդապետ Մազեն Պասպուսի եւ Լիբանանի նաւակներու ֆետերասիոնի նախագահ Ռապիհ Սալեմի եւ Պէյրութի նաւակներու ակումբի գանձապահ Խէյրալլա Խէյրալլայի հետ քննարկեց ակումբի վերականգնման ու վերստին կեանքի կոչման կարելիութիւնները, ինչ որ պիտի նպաստէ նաւակներու մարզաձեւի Լիբանանի մէջ վերաշխուժացման ու կիրարկման ամրապնդման:  

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Բանակցութիւններու 7-րդ փուլի աւարտէն ի վեր նախագահ Աուն կը ձգտի հետագայ հաղորդակցութիւններ ունենալ մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու հետ, որպէսզի հետամուտ ըլլան զինադադարի ամրապնդման ջանքերուն եւ Իսրայէլի վրայ ճնշում գործադրեն` փորձնական հեռացման երկրորդ փուլին նախապատրաստուելու համար»: ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Շրջանառուող լուրերուն հակառակ, լիբանանեան կողմը մտադիր չէ պոյքոթի ենթարկել բանակցութիւնները եւ այս հոլովոյթը մինչեւ վերջ...

Ռայի Պատրիարք. «Նախագահի Դիրքորոշումները  Պատուական Ու Հայրենասիրական Են, Անոնք  Վստահութիւն Ու Հանգստութիւն  Կը Հաղորդեն Բոլոր Լիբանանցիներուն»

Ռայի Պատրիարք. «Նախագահի Դիրքորոշումները Պատուական Ու Հայրենասիրական Են, Անոնք Վստահութիւն Ու Հանգստութիւն Կը Հաղորդեն Բոլոր Լիբանանցիներուն»

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ կէսօրէ առաջ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հռոմի մէջ բանակցութիւններու արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ ազգային գլխաւոր հարցերուն եւ ընդհանուր հարցերու: «Վատիկանը Լիբանանի կողքին կը կանգնի եւ նախանձախնդիր է անոր աջակցելու, եւ պէտք է այս հետաքրքրութեան ու վստահութեան մակարդակին վրայ ըլլանք», ըսաւ ան: Պատրիարքը...

Page 16 of 985 1 … 15 16 17 … 985

Արխիւներ