Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի ղեկավարութիւնները ներկայացնող Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի նախագահ շէյխ Ալի Տահմուշ եւ Ամալ շարժումի գործադիր մարմինի նախագահ տոքթ. Մուսթաֆա Ֆուանի գումարեցին ժողով մը, որուն ընթացքին քննարկեցին լիբանանեան բեմին վրայ արձանագրուող վերջին զարգացումները` Լիբանանի գտնուած զգայուն պայմաններուն եւ անոնց յառաջացուցած քաղաքական, ազգային, տնտեսական ու ընկերային մարտահրաւէրներուն լոյսին տակ:
Ժողովի աւարտին Ամալի եւ Հըզպալլայի ղեկավարութիւնները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով շեշտեցին, որ քաղաքացիական խաղաղութիւնը կարմիր գիծ եւ ազգային հասարակաց պատասխանատուութիւն է, եւ իրենք կը մերժեն բոլոր ձեւի հրահրումները, լարուածութեան ստեղծումներն ու սադրանքները, ինչպէս նաեւ կ՛ընդգծեն, որ վիճելի հարցերը պէտք չէ լուծուին մագլցումի, այլ երկխօսութեան, փոխըմբռնման եւ հաստատութիւններուն վստահելու միջոցով` քաղաքացիական խաղաղութեան սպառնացող եւ լիբանանցի ժողովուրդին վրայ բեռը մեծցնող կացութիւններուն մէջ յայտնուիլը կանխարգիլելու համար:
Ամալի եւ Հըզպալլայի ղեկավարութիւնները բոլոր քաղաքական ուժերուն կոչ ուղղեցին` ներկայ փուլին մօտենալու ազգային բարձր պատասխանատուութեան զգացումով, հեռու մնալու նեղ հաշիւներէն եւ պառակտումը մեծցնող մօտեցումներէն, ինչպէս նաեւ կեանքի կոչելու հաղորդակցութեան եւ համակարգման ուղիները, որովհետեւ Լիբանան չի կրնար դիմանալ յաւելեալ խափանումներու կամ լարուածութեան, եւ անիկա խիստ կարիք ունի փոխըմբռնման, արդիւնաւէտ աշխատանքի եւ համաձայնեցուած ջանքերու:
«Ներկայ փուլէն դուրս գալը կը պահանջէ համապարփակ քաղաքական կամք` պաշտպանելով ազգային շահերը, ճգնաժամերու կառավարումէն անցում կատարելու դէպի անոնց պատճառներու լուծումը եւ ճամբայ բանալով դէպի Լիբանանը պաշտպանելու, վերակառուցման, ժողովուրդի վերադարձի եւ պետութեան ու անոր հաստատութիւններու ոտքի կանգնման խորագիրով նոր փուլ», նշեցին անոնք:


