Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 17, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն բանբեր մը «Էմ.Թի.Վի.»-ին. «Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են եռակողմ շրջագիծին, որ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման միակ ուղին է»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Ամերիկեան վարչակազմը Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւնները կը նկատէ ռազմավարական, եւ անոնց անելի մատնուիլը պիտի արգիլէ, ուստի արագ կերպով գործի լծուեցաւ իսրայէլեան մագլցումը զսպելու, եւ Թել Աւիւի վրայ ճնշում բանեցուց` արգիլելու համար, որ իր զինուորական գործողութիւնը դէպի Նապաթիէ շարունակէ»:

. «ԱՍԱՍ»-Ի հաստատ տեղեկութիւններուն համաձայն, «իսրայէլացին ներկայիս իր զինուորական մեծ գործողութեան գործադրման 3-րդ փուլին մէջ է, որ կը ներառէ Նապաթիէ-Իքլիմ Թուֆահ ուղին` կապի գլխաւոր հանգոյցը, եւ հարաւային Լիբանանի մէջ անոր հարուածներուն ամբողջ աշխուժացումը այդ մէկը կը հաստատէ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Ուաշինկթըն մտահոգ է Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններու դանդաղ կշռոյթէն, ինչպէս նաեւ դժգոհ է փորձնական շրջաններուն մէջ արձանագրուած չնչին արդիւնքներէն»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Ասաս»-ին. «Վերջին երկու պատերազմներուն տարբերութիւնը այն է, որ իսրայէլացին 2024 թուականին յառաջացաւ, ապա նահանջեց` բռնագրաւման տակ պահելով հինգ կէտեր»:

. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Իսրայէլի հետ Ամերիկայի կնքել մտադրած ռումբեր ծախելու շուրջ 2,8 միլիառ տոլար արժողութեամբ գործարքը Լիբանանի ուղղուած յստակ զգուշացում մըն է, որովհետեւ Ուաշինկթըն լարուածութեան աճի պայմաններուն մէջ իսրայէլեան զինուորական արշաւներուն իր աջակցութիւնը կ՛ամրապնդէ»:

. ՖՐԱՆՍԱՅԻ նախագահական պալատը յայտարարեց, որ Փարիզ այսօր կը հիւրընկալէ շարք մը գործընկեր երկիրներէ զինուորական պաշտօնատարներու մասնակցութեամբ ժողով մը, որուն նպատակը լիբանանեան բանակը Լիբանանի բոլոր հողերուն վրայ տարածման միջազգային աջակցութեան պատրաստութիւնն է:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Նախագահ Աունը, որ այսօր Փարիզ կը մեկնի` մասնակցելու համար վաղուան խորհրդաժողովին, իր արտասանելիք խօսքին մէջ պիտի կեդրոնանայ կացութեան, մանաւանդ հարաւային Լիբանանի մէջ կացութեան բացատրութեան, եւ այն քայլերուն վրայ, որոնք պետութիւնը կ՛որդեգրէ բանակցութիւններուն մէջ յառաջ ընթանալու համար»:

. «ՄՈՒՏՈՒՆ». «Ֆրանսան նախապէս լիբանանեան բանակին 30 միլիոն եւրօ արժողութեամբ սարքեր ու մեքենաներ տրամադրեց, եւ մտադիր է շարունակել իր աջակցութիւնը, սակայն Փարիզ կը գիտակցի, թէ բանակին կարիքները մէկ պետութեան կարողութենէն աւելին են, ինչ որ կը բացատրէ միջազգային լայն ծածկոյթ ապահովելու անոր ձգտումը»:

. ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆԵԱՆ լաւատեղեակ աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Փարիզի ժողովի գաղափարը «Աքապայի հոլովոյթ»-ի ծիրին մէջ Մաքրոնի եւ Յորդանանի թագաւորին միջեւ խորհրդակցութիւններու ընթացքին ծնաւ, նախքան զայն նախագահ Աունի մասնակցութեամբ Ֆրանսայի մէջ գումարելու շուրջ համաձայնութեան գոյացումը»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ասաս»-ին. «Նուիրատու պետութիւնները միայն բանակին կարիք ունեցած մեքենաներու, հաղորդակցութեան սարքերու կամ զէնքերու քանակը չեն ուզեր գիտնալ, այլ նաեւ քաղաքական պատասխաններ կ՛ուզեն»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ասաս»-ին. «Քննարկումը զինուորականներու աշխատավարձերու ապահովման եւ զէնքեր գնելու հարցէն շատ աւելի անդին կ՛անցնի, որովհետեւ գոյութիւն ունի միջազգային աւելի ընդարձակ պատկերացում մը, որ հիմնուած է պետութեան հաստատութիւններուն գոյատեւման աջակցութեան փուլէն անցում կատարելու վրայ` դէպի զանոնք կառավարելու, որոշումներ տալու եւ գործադրելու աջակցութեան փուլ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Հաշուարկներու համաձայն, կառավարութեան զօրակցող քուէներուն թիւը կրնայ գերազանցել 100-ը, եթէ ընդդիմութիւնը որոշէ բաց ճակատում մղել, ինչ որ քուէարկութեան արդիւնքին կառավարութեան նկատմամբ վստահութեան հարցէն աւելին եղող նշանակութիւն կու տայ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Ազգային ազատ հոսանքը ուզեց կառավարութիւնը նեղ կացութեան մատնել, ինչպէս նաեւ ինքզինք ցուցադրել իբրեւ քրիստոնէական հոսանք մը, որ պետութեան շահերը կը պաշտպանէ»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի ընդհանուր դատախազ, դատաւոր Ահմետ Ռամի Հաժին յղեց նամակ մը` հետաքրքրուելով հարաւային Լիբանանի մէջ թշնամիի գործած ոճիրներուն շուրջ որեւէ հետաքննութեան չձեռնարկման պատճառներով, եւ կոչ ուղղեց` դատական ոստիկանութեան յանձնարարելու գործուած յանցագործութիւններուն վերաբերեալ զեկուցումներ պատրաստել»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հարցով դատաքննիչի կարծիքը չէ սահմանափակուած միայն դատական քննիչի ընթացակարգերու վերաբերեալ կարծիք յայտնելով, այլ նաեւ տրամադրած է փաստերու պատմութիւն, պայթումի պատճառներու վերլուծում, պատասխանատուութիւն նշանակելու չափանիշեր եւ դիրքորոշում մեղադրեալներու եւ անոնց վերագրուող քրէական նիւթերուն վերաբերեալ»:

. «ԱՍԱՍ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Սլէյման Ասատ իր ձերբակալման պահուն թմրեցուցիչի ազդեցութեան տակ էր, եւ ապահովական մարմինները ետքը հաստատեցին անոր ինքնութիւնը, թէ Լաթաքիոյ մէջ Ազգային պաշտպանութեան նախկին միլիսներու հիմնադիր Հիլալ Ասատի որդին է»:

. ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ կայարաններու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Պրաքս. «Լիբանան 100 առ հարիւրով կախեալ է վառելանիւթերու ներածումէն, ինչ որ պատճառ կը դառնայ, որ անմիջապէս ազդուի համաշխարհային գիներուն մէջ որեւէ մագլցումէ»:

Նախորդը

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.