. «ԱՍԱՍ». «Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի եւ Իսրայէլի դեսպաններուն հանդիպումը բանակցային լուրջ օրակարգ կամ նոր փաստաթուղթ չունի, այլ հանդիպում մըն է, որուն նպատակը Հռոմի ժողովի յետաձգումէն ետք հոլովոյթին պատկերը կենդանի պահելն է: Արդարեւ, ո՛չ Լիբանանի դեսպանը կարողութիւնը ունի դիրքորոշման փոփոխութիւն կատարելու, ո՛չ ալ Իսրայէլի դեսպանը լիազօրուած է զիջում կատարելու»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Հաարեց» օրաթերթ. «Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի եւ Իսրայէլի դեսպանները այս շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում պիտի ունենան` Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ հաղորդակցութիւնը բաց պահելու փորձով մը` վերջերս անոր ձախողութենէն եւ Հռոմի մէջ նախատեսուած բանակցութիւններու յետաձգումէն ետք»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Սէուտցի պատուիրակ Պըն Ֆարհանի ճամբով հասաւ սէուտական «պատգամ» մը, որ բոլորին յիշեցուց, թէ Սալամի կառավարութիւնը «կարմիր գիծ» է, եւ ներկայիս կարելի չէ խաղալ ներքին հաւասարակշռութիւններուն հետ: Շարք մը պաշտօնատարներ այդ նոյն պատգամը նաեւ լսեցին Միացեալ Նահանգներու դեսպան Իսայէն, որ ներկայ կառավարութիւնը բանակցային հոլովոյթին հետեւելու համար անհրաժեշտութիւն նկատեց»:
. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ականաւոր աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Կառավարութիւնը պիտի չտապալի, սակայն կարելի է ըսել, որ տնտեսական, ապահովական եւ քաղաքական ձեռքբերումներու բացակայութեան լոյսին տակ պիտի «ցնցուի», եւ խորհրդարանական նիստերու աւարտէն ետք յստակ պիտի դառնայ, որ առանց սէուտական-ամերիկեան ծածկոյթին անիկա մէկ օր իսկ պիտի չգոյատեւէր»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Նախագահական պալատը կառավարութեան տապալման նկատմամբ որեւէ մտավախութիւն չի ցուցաբերեր, որովհետեւ խորհրդարանական նիստը ժողովրդավարութեան մէջ բնական է, եւ բոլոր ցուցանիշները ցոյց կու տան, թէ կառավարութիւնը պիտի տոկայ, որովհետեւ խորհրդարանական մեծամասնութիւն կը վայելէ, եւ անոր նկատմամբ անվստահութիւն յայտնելու կարող մեծամասնութիւն գոյութիւն չունի»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Այսօրուան նիստին ընթացքին Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի գլխաւորութեամբ գերիշխանութեան կողմնակից երեսփոխաններու մեծ խումբ մը հարցումներ պիտի ուղղէ կառավարութեան որոշումներու կայացումէն ետք եկող փուլին եւ այն մասին, թէ արդեօք իրականութեան մէջ քայլեր ձեռնարկա՞ծ են զանոնք գործադրելու համար զինուորական, ապահովական, դատական, ֆինանսական եւ վարչական հաստատութիւնները աշխուժացնելու համար»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Նախագահ Աուն դժգոհ է նախարարներու մեծամասնութեան գործունէութենէն եւ կը քննադատէ վարչապետի գործունէութիւնը, մասնաւորաբար ապրուստի եւ տնտեսական հարցերուն մէջ, ուր ի յայտ կու գայ անկարողութիւնը որեւէ լուծում ներկայացնելու բոլոր թղթածրարներուն մէջ, որոնք հետզհետէ աւելի կը վատթարանան»:
. ԱՅՆ ԹԻՆԷԻ մօտիկ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի եւ վարչապետ Սալամի միջեւ յարաբերութիւնները իրենց լաւագոյն վիճակին մէջ չեն թուիր: Պըրրիի դիտարկումները ապրուստի թղթածրարներուն մէջ ձախողութենէն անդին անցնելով կը վերաբերին Սալամի քաղաքական գործունէութեան, որ հարցերը կը բարդացնէ եւ անոնց լուծման չի նպաստեր»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին. «Կարգ մը պետութիւններու, նախ եւ առաջ Ֆրանսայի լիբանանեան բանակին աջակցելու խանդավառութիւնը կը բախի Իսրայէլի աջակցող ամերիկեան դիրքորոշումին, ինչ որ ժողովը կը մղէ բանակի եւ ապահովական ուժերու կարիքներու ներկայացումով բաւարարուելու, առանց իրողական բեկում մը կատարելու»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, Վատիկանը մտահոգութիւն կը յայտնէ հարաւային Լիբանանի մէջ բնակեցուածներու հաստատման կարելիութեան վերաբերեալ` այս կարելիութեան դիմակայման վերաբերեալ լիբանանեան յստակ պատասխաններու բացակայութեան լոյսին տակ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսա հարաւային Լիբանանի Զաութար Ղարպիէ եւ Քահքահիեթ Ժըսր գիւղեր այցելեց:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 39000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.718.000 լ.ո.-ի եւ 2.736.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 102000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.641.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը բարձրացաւ 31000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.221.000 լ.ո.-ի:


