Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Մենք մեր պատասխանատուութիւններուն տէր պիտի կանգնինք, սակայն մեզի գործընկերները` արաբական ու եւրոպական պետութիւնները, եւ Միացեալ Նահանգները պէտք է մեզի հետ պատասխանատուութեան տէր կանգնին բանակին աջակցելով եւ լիբանանեան պետութիւնը զօրացնելով»` աւելցնելով. «Այն, ինչ որ բանակէն կը պահանջէք, լիբանանեան պետութեան նկատմամբ օժանդակութիւն կը պահանջէ»:
Անդրադառնալով զէնքի մենաշնորհման հարցին` Աուն շեշտեց. «Նպատակը բախումը չէ, նպատակը այս ծրագիրը գործադրելը կամ պետութեան իշխանութեան տարածումն է, ինչպէս նաեւ զէնքի մենաշնորհումը պատասխանատուութեամբ կատարելը: Նպատակը պետութիւն կառուցելը չէ, մինչ լիբանանեան ներքին արիւնալի հակամարտութիւն ու ներքին սադրանք գոյութիւն ունի: Նպատակը պետութիւն կառուցելն է, առանց քաղաքացիական պատերազմի կամ ներքին հակամարտութեան դիմելու»:
Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ Լիբանան դրական տրամադրուած է հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ը փոխարինող որեւէ ուժի նկատմամբ: «Ամէնէն կարեւորը այն է, որ բաց չստեղծուի, եւ որեւէ անուան տակ եկող ուժ պէտք է իրաւական շրջագիծ ունենայ, եւ իրաւական շրջագիծի մէջ հիմնական սկզբունքը պետութեան գերիշխանութիւնն է»:
Ան աւելցուց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ուժի մը ներկայութեան նպատակը «բանակին օգնելն ու պետութիւնը հզօրացնելն է, ոչ թէ պետութեան տեղը առնելը»:
«Մենք նախ եւ առաջ կը ձգտինք թշնամանքի իրավիճակին վերջ տուող եւ բանակը սահմաններուն վրայ (Իսրայէլի հետ) տեղակայող ապահովական համաձայնութեան մը, որ կրնայ հետագային խաղաղութեան համաձայնութեան մը նախաքայլը ըլլալ, սակայն չենք կրնար ուղղակի կերպով դէպի խաղաղութեան համաձայնութիւն ոստում կատարել, այլ քայլ առ քայլ կրնանք ընթանալ», նշեց հանրապետութեան նախագահը:
«Հիմնական քայլերը իսրայէլեան հեռացումը, (լիբանանեան) բանակի սահմանին վրայ տեղակայումը եւ բնակիչներուն ու գերիներուն վերադարձն են», շեշտեց Աուն:


