Խորհրդարանը երէկ գումարեց լիագումար նիստ մը, որուն ընթացքին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նշեց, որ նիստը կառավարութեան գործունէութեան ընդհանուր քննարկման համար է եւ ոչ թէ հարցաքննութեան կամ հաշուետուութեան:
Ան աւելի ուշ ալ խօսքը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլին ուղղելով յայտնեց. «Պատրաստ ենք յառաջիկայ ամիս կառավարութեան հարցաքննութեան նիստ մը գումարելու»` աւելցնելով, որ ընդհանուր քննարկման նիստի եւ հարցաքնութեան ու հաշուետուութեան նիստի միջեւ շփոթ տեղի ունեցած է:
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ նիստի սկիզբը խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Անցեալ մարտին Լիբանան ներգրաւուեցաւ պատերազմի մը մէջ, որ մենք չընտրեցինք, նոյնիսկ զայն մղելու մեր կարծիքը չհարցուեցաւ: Պատերազմը Լիբանանին աւելի քան 20 միլիառ տոլար արժեց, եւ անոր ընդհանուր գինը կրնայ, 2026 պատերազմի հաշիւը ամբողջանալէն ետք 27 միլիառ տոլարը անցնիլ: Տակաւին 250 հազար լիբանանցի տեղահանուածներ կան»:
«Գիտեմ լիբանանցի ընտանիքներուն ցաւը եւ գիտեմ, թէ ապրանքներու եւ հիմնական կարիքներու գինը որքան բարձրացաւ: Եթէ ապրուստի այս իրավիճակը հետեւանք է կուտակուած ճգնաժամերու, պատերազմը անշուշտ զայն բարդացուց, սակայն այս իրողութեան անձնատուր պիտի չըլլանք», ըսաւ ան:
«Քանդումի տարողութիւնը պետութեան կարողութենէն շատ աւելի մեծ է, եւ տեւական վերաշինութիւն չկայ առանց ֆինանսաւորման, չկայ ֆինանսաւորում առանց վստահութեան, եւ չկայ վստահութիւն առանց կարող պետութեան», նշեց վարչապետը:
«2027 թուականի պետական ամավարկի նախագիծին մէջ մեր ընտրանքը պիտի հիմնուի կայունութեան պահպանման վրայ` պիւտճէական բացին փոխարէն, որ վերիվայրումներ կը պատճառէ եւ վստահութիւնը կը խաթարէ», յայտնեց Սալամ:
«Վառելանիւթերու գինի համաշխարհային մակարդակի վրայ բարձրացումը ոչ ոքի իրաւունք կու տայ մարդոց ելեկտրականութեան կարիքը շահագործելու», շեշտեց վարչապետը:
«Իր արաբական շրջապատին հետ Լիբանանի կտրուած կապերը վերականգնել յաջողելէ ետք, կրցանք դէպի շարք մը արաբական պետութիւններ մեր արտածումները աւելցնել», ըսաւ ան:
«Ես իմ խորին երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ լիբանանեան բանակին, որ հարաւային Լիբանանի մէջ իր տեղակայումը կ՛ընդլայնէ», յայտնեց ան` ընդգծելով. «Քանի տակաւին հարաւային Լիբանանի մէջ պատերազմը կը շարունակուի, անվտանգութիւն կամ կայունութիւն պիտի չըլլայ: Մենք կ՛ուզենք դադրեցնել պատերազմը, եւ մեր նպատակն է Իսրայէլի մեր բոլոր հողերէն հեռացումը, գերիներու վերադարձը եւ վերաշինութիւնը»:
«Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւնները դիւրին բան մը չեն, եւ Լիբանան կառչած է իր բոլոր հողերուն վրայ իր գերիշխանութեան, եւ գերիշխանութիւնը լիբանանեան բոլոր հողերէն Իսրայէլի հեռացում կ՛ենթադրէ, ինչպէս նաեւ պետութեան իր սեփական ուժերով վերահսկողութեան տարածումը եւ զէնքը իր մենաշնորհը դարձնելու աշխատանք տանիլ», նշեց վարչապետը:
«Լիբանանը ուրիշներուն ձեռքը խաղաքարտ չէ բանակցութիւններուն մէջ, որոնցմէ ինք կը բացակայի», շեշտեց ան:
«Պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումը պէտք է միայն պետութեան ձեռքը ըլլայ», նշեց Սալամ` աւելցնելով. «Բանակցութիւններուն յաջողութեան կամ ձախողութեան վերաբերեալ վճիռը անոնց վերջնական արդիւնքներուն համեմատ կ՛ըլլայ»:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ամմար յայտնեց. «Դիմադրութիւնը պիտի մնայ, քանի տակաւին մեր հողերէն մէկ թիզ գրաւուած կը մնայ»:
«Պիտի ուզէի, որ վարչապետ Նաուաֆ Սալամը չորդեգրէր Լիբանանի դէմ Իսրայէլի, նոյնիսկ Դիմադրութեան ի յայտ գալէն առաջ, յարձակումի պատմութիւնը անտեսելու քաղաքականութիւնը», ըսաւ ան:
Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ նշեց. «Պայմանները արտակարգ են, եւ իրավիճակը դիւրին չէ, սակայն ատիկա չի նշանակեր, թէ կառավարութիւնը երկրին մէջ կայունութիւն ստեղծելու ժամանակը չունի»:
«Կը յուսանք, որ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ կը բացատրէ, թէ «շրջագծային համաձայնութիւնը» ի՛նչ է, եւ այդ համաձայնութեամբ ի՛նչ կը նախատեսէ իրագործել», ըսաւ ան:
Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հատի Ապու Հասան նշեց. «Շրջագծային համաձայնութեան համաձայն չենք, որովհետեւ մեզ մանրամասնութիւններով ողողեց, եւ մենք բանակցութիւններուն ամլութեան հետեւանքով մեծ ճգնաժամի մէջ ենք»:
«Կ՛ուզենք բանակցութիւն մը, որ իրաւունքները կ՛երաշխաւորէ եւ զանոնք ամբողջական կերպով կը վերադարձնէ: Պահանջուածը ազգային կեցուածքի միաւորումն է, համաձայնութիւնը վերատեսութեան ենթարկելը եւ բանակցային յստակ քաղաքականութեան մշակումը», աւելցուց ան:
«Իսրայէլ կ՛ուզէ աշխարհագրական նոր իրողութիւն պարտադրել», շեշտեց Ապու Հասան` հարց տալով. «Իսրայէլին ինչու թիկունք կանգնելու երկու պատերազմներու ճամբով պատրուակ տրուեցաւ»:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ նշեց. «Մենք միակ ընդդիմութիւնն ենք»:
«Մենք Իսրայէլի հետ բանակցութեան հետ ենք, սակայն բանակցութիւնը պատերազմի շարունակման ծածկոյթ չէ, այլ զայն դադրեցնելու, եւ մենք զինադադարի համաձայնութեան եւ խաղաղութեան համաձայնութեան հետ ենք, սակայն ոչ անձնատուութեան», շեշտեց Պասիլ:
«Մենք զինաթափման հետ ենք, սակայն զինաթափումը պիտի չյաջողի` ապաւինելով օտարերկրեայ ուժերուն եւ վնասելով լիբանանեան հիմնարար բաղադրիչին», յայտնեց ան:
«Պետական ամավարկը ապացոյց է, որ կառավարութիւնը տագնապը կը կառավարէ եւ ոչ թէ կը լուծէ», շեշտեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը:
Պասիլ խօսքը վարչապետ Նաուաֆ Սալամին ուղղելով ըսաւ. «Ձեր կառավարութիւնը առանցքներու, սադրանքի, անձնատուութեան եւ տուրքերու կառավարութիւն է»:
Երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ նշեց. «Միջազգային դրամական ֆոնտին մօտ ճորտերու վերածուեցանք: Ծառայութիւններ չեն մատուցուիր, իսկ կացութիւնը կը վատթարանայ»:
«Ստորագրուեցաւ շրջագծային համաձայնութիւն մը, եւ խորհրդարանին ոչինչ փոխանցուեցաւ: Այս համաձայնութիւնը գործադրելի դասաւորումներ ունի, որոնք հետեւանքներ պիտի ունենան, ուստի հակասահմանադրական է»:
Երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց. «Զօրակցեցանք բանակցութիւններուն` պատերազմը դադրեցնելու, Լիբանանի իրաւունքները ամրապնդելու եւ որպէսզի պատերազմի ու խաղաղութեան որոշումը պետութեան ձեռքը ըլլայ: Չենք կրնար բանակէն պահանջել իր պարտականութիւնը կատարել առանց անհրաժեշտ քաղաքական մթնոլորտն ու ֆինանսաւորումը ապահովելու»:
«Կը վստահինք այն ինչին, որ նախագահ Ժոզեֆ Աունն ու բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալը պիտի տանին Փարիզ», ըսաւ ան:
Քանաան նաեւ նշեց. «Խորհրդարան նոր տուրքերու եւ հարկերու վրայ հիմնուած ամավարկ մի՛ ղրկէք: Մենք պիտի չընդունինք լիբանանցի ժողովուրդի գրպանի չարաշահումը` իբրեւ վատնումներու, հարկերէն խուսափելու եւ փտածութեան դէմ պայքարի փոխարինող»:
Ան նաեւ զգուշացուց. «(Կառավարութեան տրուած) վստահութիւնը ամէնաթողութիւն չէ»:
Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի նախագահ Ժորժ Ատուան վարչապետ Նաուաֆ Սալամին ըսաւ. «Կրնայ ոմանց համար ըրածդ անհանդուրժելի ըլլալ, սակայն լիբանանցիները կը պահանջեն, որ ձեր ըրածը շարունակէք»:
«Կարեւոր հարցում մը ունիմ. ինչպէ՞ս դուն ու կառավարութիւնդ կը յանդգնիք զէնքի մենաշնորհ կատարել: Ատիկա անընդունելի է, եւ պէտք է քեզ այդ հարցին համար հարցաքննութեան ենթարկել, որովհետեւ քեզմէ առաջուանները այդ մէկը չկատարեցին», հեգնաբար ըսաւ ան:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Իպրահիմ Մուսաուի նշեց. «Կը հարցնէք` Դիմադրութիւնը ի՞նչ ըրաւ, իսկ մենք կը հարցնենք` պետութիւնը բանակը զինելու եւ հողը պաշտպանելու համար ի՞նչ ըրաւ»:
Երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի նշեց. «Հարաւային Լիբանանը աղէտեալ շրջան է, եւ լիբանանեան հողը տակաւին բռնագրաւուած է: Այս ողբերգութիւնը հետեւանք է Հըզպալլայի զէնքին ու Իրանին անոր ստրկութեան, եւ անհրաժեշտ են զէնքը վերահսկելու յստակ ու որոշակի մեքանիզմներ»:
«Կառավարութեան աջակցութիւնս կը յայտարարեմ ու կը վերահաստատեմ անոր նկատմամբ վստահութիւնս», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Մարք Տաու խօսքը կառավարութեան ուղղելով նշեց. «Պէտք է կառավարութեան մէջ աւելի արագ շարժիք եւ մարդոցմէ չպահանջէք աւելի համբերել»` աւելցնելով. «Վարչապետ Նաուաֆ Սալամի կառավարութեան աջակցեցայ, եւ տակաւին կը գնահատեմ կատարած քայլիս արժէքը»:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայել յայտնեց. «55 տարի անցաւ եւ չկրցանք պետութիւն կառուցել, այս կառավարութիւնը առաջինն է, որ յստակ ու ճիշդ որոշում ունի լիբանանեան հողերուն մեծ մասին վրայ պետութեան վերահսկողութեան հաստատման գծով»:
Ան խօսքը վարչապետ Սալամին ուղղելով նշեց. «Եթէ ձախողիք, Լիբանանը դէպի քայքայում եւ Սոմալի վերածուելու պիտի ուղղուի: Ես ահազանգ կը հնչեցնեմ: Քեզի հրաժարիր պիտի չըսեմ, այլ ձեռքերդ սոթտէ, եւ պետութեան, սահմանադրութեան եւ օրէնքի հեղինակութիւնը բոլորին պարտադրէ, եւ եթէ այս պատասխանատուութիւնը չկրես, ոչ ոք զայն պիտի կրէ: Մի՛ կարծեր, թէ այս կառավարութեան այլընտրանքը պիտի գայ, այլ` երկիրը դէպի քայքայում պիտի ուղղուի»:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կէսօրէ ետք փակեց նիստը, որ այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պիտի շարունակուի:


