4 Օգոստոսի Պայթումի 6-Ամեակին Առիթով. Սալամ. «Արդարութեան Շուրջ Սակարկութիւն Չկայ, Նոյնիսկ Եթէ Երբեմն Ուշանայ»
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ 4 օգոստոսի` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի 6-ամեակին առիթով «Էքս»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Արդարութեան շուրջ սակարկութիւն չկայ, նոյնիսկ եթէ երբեմն ուշանայ»: «Գիտեմ ազգային վէրքի խորութիւնը, որ կը շարունակէ արիւնահոսիլ, եւ կը հասկնամ նահատակներու եւ զոհերու ընտանիքներուն կրած ցաւի մեծութիւնը: Սակայն օգոստոսի 4-ի պայթումի վեցերորդ տարելիցին առիթով կը կրկնեմ. արդարադատութեան հաշուոյն սակարկութիւն պիտի չըլլայ... նոյնիսկ եթէ անիկա երբեմն...



















