Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերու` ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբեր Անտրէա Թինընթի յայտարարեց. «1 հոկտեմբերէն ի վեր ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը ենթարկուեցան աւելի քան 30 դէպքերու, որոնց պատճառով ՄԱԿ-ի սեփականութիւններ կամ շէնքեր վնասուեցան եւ խաղաղապահ ուժերու անդամներ վիրաւորուեցան»:
Թինընթի առցանց մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Կրցանք անոնցմէ 20-ը ճշդել իբրեւ կրակոց կամ իսրայէլեան ուժերու կողմէ կատարուած շարժումներ, որոնցմէ առնուազն 7-ն դիտաւորեալ էր», ըսաւ Թինընթի:
«Մասնաւորաբար մտահոգիչը այն դէպքերն են, երբ խաղաղապահ ուժերը իսրայէլեան զինեալ ուժերու կողմէ դիտաւորեալ կերպով թիրախաւորուեցան իրենց առաքելութեան կատարման ընթացքին, ինչպէս նաեւ խաղաղապահ ուժերուն պատկանող տեսախցիկները, լուսաւորումները, հսկողութեան աշտարակները», աւելցուց ան:
Թինընթի նաեւ նշեց. «Հաւանաբար Հըզպալլան կամ անոր պատկանող խումբ մը արձակեց հրթիռ մը, որ երկուշաբթի օր հարուածեց Նաքուրայի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնատեղին», իսկ ինչ կը վերաբերի մնացեալ 12 դէպքերուն, ապա «կրակոցի աղբիւրը չճշդուեցաւ»:
«Յստակ թող ըլլայ, որ թէ՛ իսրայէլեան բանակի, թէ՛ Հըզպալլայի արարքները խաղաղապահ ուժերը վտանգի կ՛ենթարկեն», ընդգծեց ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբերը: