Կալանթ. «Մեր Ձեռքբերումները Մեզ Կը Դնեն Հըզպալլայէն Իր Ուժերը Լիթանիէն Հիւսիս Մղել Պահանջելու Ամուր Դիրքի Վրայ»
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Մեր ձեռքբերումները մեզ կը դնեն Հըզպալլայէն իր ուժերը Լիթանիէն հիւսիս մղել պահանջելու ամուր դիրքի վրայ»: Կալանթ նաեւ աւելցուց. «Կարիքը ունինք Իրանէն զէնքերու` Սուրիոյ եւ Իրաքի ճամբով Լիբանան տեղափոխումը դադրեցնելու»: «Չենք կրնար Սուրիոյ մէջ իրանեան զինուորական ներկայութիւն ընդունիլ», շեշտեց Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը:



















