Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան «ուրբաթ օրուան պատգամ»-ին մէջ յայտնեց. «Երկիրը պատմական փորձութենէ կ՛անցնի, միջազգային ու շրջանային շատ վտանգաւոր ծրագիրներու գոյութեան պայմաններուն մէջ, եւ քաղաքական ուժերէն պահանջուածը գետնի վրայ լիբանանեան ընտանիքին գործընկերութիւնը հաստատելն է` հեռու մնալով միջազգային խաղի ծրագիրներէն: Կրօնական ընտանիքներուն նկատմամբ վախ չկայ, որովհետեւ անոնց հռետորաբանութիւնը, մտածողութիւնն ու փաստագրութիւնները կ՛առնչուին սիրոյ, ողորմութեան, կարեկցանքին եւ բարոյական ու ազգային համարկման:
«Ամէնէն կարեւորը ազգային ծրագիրի պաշտպանութիւնն ու սադրանքի որեւէ հռետորաբանութենէ եւ քայլէ խուսափիլն է: Միջազգային ծրագիրները թունաւոր են, եւ Լիբանան միայն ազգային ու հոգեւոր գործընկերութեան վայր կրնայ ըլլալ: Որեւէ շրջանային կամ միջազգային ուժի ի նպաստ խաղալը երկիրը աննախադէպ աղէտի խորքը կը մատնէ:
«Իսրայէլացին ցամաքային յարձակումէն ի վեր չկրցաւ ոչ իսկ մէկ սահմանամերձ գիւղի ամբողջովին տիրապետել, եւ իսրայէլացին շատ նեղի մատնուած է, իսկ ճակատի վիճակը ուժեղ է եւ ռազմավարական, եւ Դիմադրութեան ուժը մագլցում կ՛արձանագրէ»:
«Պարոն Ուալիտ Ժոմպլաթի ազգային կեցուածքները երկիրը կը պաշտպանեն», ըսաւ ան:
«Քաղաքացիական խաղաղութիւնը այս երկրին սրբութիւն սրբոցն է, եւ լիբանանեան բանակէն ու բոլոր ապահովական մարմիններէն կը պահանջուի մեծ ու ընդարձակ ներկայութիւն ըլլալ, որովհետեւ երկիրը արտակարգ եւ պատմական կացութենէ կ՛անցնի: Կառավարութիւնը պէտք է իր բոլոր կարելիութիւնները զօրակոչի ենթարկէ` երկիրը պաշտպանելու եւ ներքին կացութիւնը փրկելու իսրայէլեան պատերազմի հետեւանքներէն: Զղջումը օգուտ չունի: Երկրին կացութիւնը բարդ է եւ ծրագիրներու խաղէն աւելի մեծ: Լիբանանը կազմող համայնքային ու քաղաքական տարրերն էին ու պիտի մնան ազգային գործընկերութեան հիմնաքարերը», եզրափակեց շէյխ Քապալան: