Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Տեղեակ Պահուած Է, Թէ Զինադադարի Բանակցութիւնները Ձախողած Են, Եւ Իսրայէլ Կը Մերժէ Բանակցիլ Ու Բանակցելու Մտադրութիւն Չունի

Նոյեմբեր 2, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին կէտերը յստակ են, եւ անոր գործադրութեան կերպը իրողական ու լուրջ քննարկումի կը կարօտի, իսկ այսօր պահանջուածը զինադադարի հաստատման սկզբունքի ընդունումն է:

Մուսա «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի տեղեակ պահուած է, թէ զինադադարի հաստատման բանակցութիւնները ձախողած են, եւ Իսրայէլ կը մերժէ բանակցիլ, բանակցելու մտադրութիւն չունի, իսկ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնը անոր համար կանգառ է:

Լիբանանեան պաշտօնական աղբիւր մը «Սքայ Նիուզ»-ին յայտնեց. «Հոքշթայնի (ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն) Թել Աւիւ այցելութիւնը ձախողեցաւ, եւ լիբանանեան կողմին մօտ որեւէ լաւատեսութիւն չկայ»:

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ իր կարգին «Սքայ Նիուզ»-ին յայտնեց. «Վճռական ենք շարունակելու բանակցութիւնները, մինչեւ զինադադարի հաստատման տարազի մը հասնիլը»:

«Տակաւին զինադադար հաստատելու եւ Լիբանանին խաղաղութիւն բերելու համար բանակցութիւնները կը շարունակենք», «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ին նշեց Պու Հապիպ:

 

 

Նախորդը

Պըրրի. «Իսրայէլ Անցեալ Սեպտեմբերէն Ի Վեր Զինադադարի Հաստատման Մէկէ Աւելի Հաստատ Առիթներ Մսխեց»

Յաջորդը

Միքաթի. «Իսրայէլեան Յայտարարութիւններն Ու Լիբանանի Ստացած Դիւանագիտական Ցուցանիշերը Կը Հաստատեն Առաջարկուած Լուծումները Մերժող Իսրայէլեան Յամառութիւնը»

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?