– «ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» օրաթերթը արբանեակային լուսանկարներ վկայակոչելով հաղորդեց. «Իսրայէլի հետ սահմանին մօտ 25 լիբանանեան գիւղերու մէջ շէնքերու շուրջ քառորդը քանդուեցաւ կամ վնասուեցաւ»:
«Իսրայէլեան բանակը բաւարար ջանք չթափեց Լիբանանի մէջ կրօնական վայրերուն քանդումէն խուսափելու համար, այլ` զանոնք քանդելէն հաճոյք առաւ», նշեց ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթը:
– ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ պաշտօնատար մը ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման ուղղութեամբ մեծ յառաջընթաց արձանագրուեցաւ»:
– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը կը հաղորդէ. «Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն եւ Միջին Արեւելքի հարցով յատուկ պատուիրակ Պրեթ ՄքԿըրք Լիբանանի ճակատի կարգաւորման ուղղութեամբ մեծ յառաջընթաց արձանագրեցին»:
– ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ պաշտօնատար մը իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց. «Ամերիկացի պատուիրակներ Էյմըս Հոքշթայնի եւ ՄքԿըրքի Լիբանանի մէջ զինադադարի վերաբերեալ հանդիպումները լաւ էին, եւ բացերը նեղցան»:
– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթին կատարած մէկ հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ իսրայէլացիներու մեծամասնութեան կարծիքով` Իսրայէլ պէտք է համաձայնի Լիբանանի մէջ պատերազմին վերջ տալու համար պատրաստուող ծրագիրին:
Օրաթերթը կը նշէ, որ հարցախոյզի մասնակիցներուն 45 առ հարիւրը յայտնած է, որ Իսրայէլ պէտք է ծրագիրին համաձայնի, իսկ 33 առ հարիւրը կը զօրակցի ապահովական գօտիի մէջ մնալուն:
– ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ժանին Հենիս Փլասխարթ զգուշացուց այն վտանգէն, որ Լիբանանի մէջ պատերազմը կը ներկայացնէ հնագիտական վայրերուն, մասնաւորաբար Պաալպեք եւ Սուր քաղաքներուն մէջ, «որոնք վերջերս օդային բուռն յարձակումներու ենթարկուեցան»:
«Պատմութեան մէջ արմատացած փիւնիկեան հին քաղաքներ կը դիմագրաւեն մեծ վտանգ մը, որ կրնայ անոնց քանդումին յանգեցնել», ըսաւ Փլասխարթ` շեշտելով. «Լիբանանեան մշակութային ժառանգութիւնը պէտք չէ այս քանդիչ տագնապին մէկ այլ զոհը դառնայ»:
– ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ վարչապետ Քիր Սթարմըր Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի հետ ունեցաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկեց Կազայի, պաղեստինեան բռնագրաւեալ հողերուն եւ Լիբանանի մէջ վերջին զարգացումներն ու մագլցումը նուազեցնելու եւ զինադադար հաստատելու կարելիութիւնները:
– ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարի հրատապ կարիք կայ»:
«ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը կ՛երաշխաւորէ բնակչութեան անվտանգութիւնը եւ Լիբանանի ու Իսրայէլի մէջ տեղահանուածներու տունդարձը», նշեց նախարարութիւնը: