– «ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութիւնը այսօր կը գումարէ ժողով մը` քննարկելու համար ներկայ զարգացումներն ու ստեղծուած նոր կացութիւնները:
– ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐՆԵՐ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնած են. «Լիբանանի վերաբերեալ կարգաւորման համաձայնութեան գոյացումը քանի մը շաբաթէն կարելի է»:
– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց. «Իսրայէլեան բանակը կարգաւորման հասնելու ջանքերուն մէջ յառաջընթացին զուգահեռ շարք մը զօրամասեր կը հեռացնէ հարաւային Լիբանանէն»:
– ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք նշեց. «Լիբանանի մէջ մարդասիրական կացութիւնը հասաւ 2006 պատերազմի խստութիւնը շրջանցող մակարդակներու, մինչ թշնամական արարքները մագլցում կ՛արձանագրեն»:
– ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Պարըշ Ուլուսոյ Լիբանանի մէջ իր պաշտօնավարման ժամկէտի աւարտին ցտեսութեան այցելութիւն մը տուաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:
Անոնք քննարկեցին Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումի մագլցումին լոյսին տակ երկրի ընդհանուր կացութիւնը, վերջին զարգացումներն ու քաղաքական եւ մարտական վերջին նորութիւնները:
– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Միջերկրական ծովուն մէջ ֆրանսական ծովուժի ծովակալ Եանիք Պոսիւն:
Անոնք քննարկեցին ներկայ մարտահրաւէրներու լոյսին տակ երկու երկիրներու բանակներուն միջեւ համագործակցութեան յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարելիութիւնները:
. ԼԻԲԱՆԱՆԻ պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան բանակը քաղաքներու եւ գիւղաքաղաքներու ամբողջ թաղամասեր կ՛ականահարէ եւ ամբողջութեամբ կը քանդէ:
Լրատու գործակալութեան համաձայն, աւելի քան 37 գիւղեր գետնի հաւասար եղած են եւ աւելի քան 40 հազար բնակարաններ ամբողջովին քանդուած են:
Այս բոլորը տեղի կ՛ունենայ Նաքուրայէն մինչեւ Խիամի մօտ երկարող 3 քիլոմեթր խորութեամբ շրջանի մը մէջ:
. ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երեքշաբթի գիշեր Քլեմանսոյի իր բնակարանին մէջ ընդունած է Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն:
Անոնք քննարկած են քաղաքական զարգացումները:


