Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ, նախագահի դեմոկրատական թեկնածու Քամալա Հարիս յայտնեց. «Այս տարին դժուար էր` նկատի ունենալով Կազայի եւ Լիբանանի մէջ մահուան ու քանդումի տարողութիւնը»:
«Նախագահ ընտրուելու պարագային ամէն կարելիս պիտի ընեմ Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալու, գերիները իրենց տուները վերադարձնելու, Իսրայէլի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու եւ պաղեստինցի ժողովուրդին ինքնորոշման կարողութիւնը երաշխաւորելու», յայտարարեց Հարիս:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը Միչիկընի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց. «Կը շարունակենք աշխատանքը հասնելու համար Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ դիւանագիտական լուծումի մը, որ կ՛երաշխաւորէ քաղաքայիններու պաշտպանութիւնն ու տեւական կայունութեան ապահովումը»:
«Անխոնջ կերպով պիտի աշխատինք ապագայի մը համար, որուն ընթացքին Միջին Արեւելքի մէջ բոլորը ապահովութիւն ու արժանապատուութիւն պիտի վայելեն», յայտարարեց դեմոկրատական թեկնածուն: