– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը, վկայակոչելով քաղաքական աղբիւր մը, կը հաղորդէ, որ հաւանաբար կարելի ըլլայ Լիբանանի մէջ պատերազմը դադրեցնելու գծով համաձայնութեան մը հասնիլ երկու շաբթուան ընթացքին:
– ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց. «Այն, ինչ որ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին մէջ հրապարակուեցաւ, բացարձակապէս սխալ է», եւ «Իրանը Հըզպալլան կը ֆինանսաւորէ՞» հարցումին ի պատասխան ըսած է. «Ատիկա ծանօթ է, եւ դուք Իսրայէլին կ՛աջակցիք»:
«Ուաշինկթըն Փոսթ» հաղորդած էր, որ Պըրրի ըսած է. «Չեմ հերքեր, թէ Իրան Հըզպալլային կ՛օգնէ, նոյնիսկ կուսակցութիւնը ատիկա կ՛ըսէ, սակայն եթէ Ամերիկան Լիբանանին օգնէ, Իրանէն հրամաններ պիտի չստանանք»:
– ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի յայտնեց, որ բանակն ու ապահովական մարմինները ջանք կը թափեն լուծելու համար տեղահանութեան տագնապն ու սեփականութիւններու դէմ որեւէ ոտնձգութիւն վերացնելու:
«Պետական ու սեփական կալուածներու նկատմամբ ոտնձգութիւնը արգիլուած է, եւ ներքին ապահովութեան ուժերը պիտի վերացնեն մնացեալ սեփական կալուածներուն նկատմամբ ոտնձգութիւնները` ապահովելով տեղահանուածին արժանապատուութիւնը», ըսաւ Մաուլաուի:
Ան աւելցուց, որ Պաթրունի մէջ տեղի ունեցած դէպքին շուրջ հետաքննութիւնները ընթացքի մէջ են եւ ՖԻՆԻՒԼ-ին հարցումներ պիտի ուղղուին:
– ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ անջատ հանդիպումներ ունեցաւ Եւրոպական Միութեան, Չինաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպաններուն հետ: