– «ՖԱՅՆԵՆՇԸԼ ԹԱՅՄԶ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտնած է. «Լիբանանի վրայ ցամաքային յարձակումը պիտի շարունակուի, քանի տակաւին անոր կարիքը կայ»:
– ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ պաշտօնատարներ «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթին յայտնած են. «Լիբանանի գծով բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց չկայ»:
«Տարակարծութիւնները կը վերաբերին Իսրայէլի գործելու ազատութեան, եթէ Հըզպալլան համաձայնութիւնը խախտէ», ըսած են պաշտօնատարները:
– ՄԱԿ. «Լիբանանի մէջ մարդասիրական կացութիւնը 2006 թուականի պատերազմի ընթացքին եղածէն վատ է»:
– ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ օդային կամուրջի ճամբով տեղահանուածներուն օժանդակութեան համար սննդեղէնով եւ այլ մարդասիրական օժանդակութիւններով բեռցուած սէուտական 12-րդ օդանաւը երէկ էջք կատարեց Պէյրութի միջազգային օդակայան:
– ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ յայտնեց. «Սեփական վարժարանները մէկ ամիսէ ի վեր իրենց դռները բացած են, եւ վաղը պետական վարժարանները պիտի բացուին»` աւելցնելով. «Մենք բաց դպրոցներով կը դիմադրենք եւ Լիբանանը կը պահպանենք, եւ դպրոցներու փակումը կը նշանակէ մեր ժողովուրդի արտագաղթը»:
«Կառավարութիւնը պէտք է ապահովէ Լիբանանի իւրաքանչիւր աշակերտի համար կրթական տարեշրջանը ամբողջացնելու պայմանները: Չենք կրնար մեր կրթական գանձը կորսնցնել, եւ եթէ կրթութիւնը կորսնցնենք, Լիբանանը կը կորսնցնենք», աւելցուց Պասիլ:


