Շաբաթ օր Շուֆի Պաատարան գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ տիւրզի հոգեւոր եւ կրօնական ղեկավարները մէկտեղող հանդիպում մը, մասնակցութեամբ տիւրզիներու հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունայի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին նախագահ Ուալիտ Ժոմպլաթի, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Թալալ Արսլանի, նախարարներ Ապպաս Հալապիի ու Իսամ Շարաֆետտինի, երեսփոխաններ Մարուան Համատէի, Ուաէլ Ապու Ֆաաուրի, Հատի Ապու Հասանի, Մարք Տաուի, Ֆայսալ Սայեղի եւ նախկին նախարարներու ու երեսփոխաններու եւ նախկին նախարար Ուիամ Ուահապի ներկայացուցիչին:
Շէյխ Ապի Մունա յայտնեց, որ հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ Ուալիտ Ժոմպլաթի բուռն փափաքին ու յորդորին հիմամբ, որուն ընդառաջեցին Թալալ Արսլանն ու համայնքի ներկայացուցիչները:
«Մեր պատգամը մէկ է եւ միասնական, նոյնիսկ եթէ որոշ տարակարծութիւններ ըլլան, սակայն միախմբման եւ զիրար ընդունելու ջատագովներէն ենք», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Կը խորհրդակցինք եւ երկխօսութիւն կը կատարենք, եւ մեր նպատակը մէկ է` պաշտպանել մեր հասարակութիւնը եւ պահպանել մեր հոգեւոր, ընկերային, հայրենասիրական ու ազգային սկզբունքները»:
Ան կոչ ուղղեց «մեր պատմութեան ու արժէքներու բարձրութեան եւ պատասխանատուութեան վրայ» ըլլալու:
Թալալ Արսլան իր կարգին ողջունեց «Ժոմպլաթի նախաձեռնութեամբ խորհրդակցելու եւ Լեռնալիբանանի ու երկրին վերաբերող հարցերու քննարկման հանդիպումը, որովհետեւ ի վերջոյ մենք այս հայրենիքին մէկ անբաժանելի մասն ենք»:
«Հայրենիքին մէջ երբեք թշնամիներ չենք ունեցած: Մենք ինքնութեան տէր ենք, մէկ հայրենիքի եւ մէկ հողի տէր ենք», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Երբ Լիբանանի մէջ գիւղ մը կը քանդուի, ատիկա մեզի վերաբերող հարց է»:
«Պէտք է ապահովական ուժերը ստանձնեն հարցերը կամ առնուազն ներկայ ըլլան` կանխարգիլելու համար Լեռնալիբանանի ճամբով որեւէ սադրանք, պառակտում կամ խափանարարութիւն յառաջացնելու որեւէ փորձ», յայտնեց Արսլան:
«Քաղաքապետական ոստիկանութիւն, քաղաքապետական պարեկներ ունինք, եւ իւրաքանչիւր գիւղի մէջ տագնապի բջիջներ հաստատեցինք եւ համաձայնեցանք` ապահովական մարմիններու հետ ամբողջական համակարգումով անոնց աջակցելու, որպէսզի կարենան վերահսկողութեան տակ առնել որեւէ խնդիր կամ միջադէպ որ, Աստուած չընէ, պատահի», ըսաւ Արսլան:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ իր կարգին խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Պիտի շարունակենք միասնաբար ամբողջական կերպով խորհրդակցիլ քաղաքացիական հասարակութեան բոլոր մարմիններուն, բոլոր երեսփոխաններուն, միութիւններուն ու շէյխերուն հետ` այսպիսի ժողովներ գումարելու համար, եւ առաջարկեցինք կարգ մը կէտեր, որովհետեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին ու վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին չյաջողեցան զինադադարի հասնիլ, որովհետեւ ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնն ու Միացեալ Նահանգները զիրենք յուսախաբութեան մատնեցին»:
«Կը թուի, թէ պատերազմը երկարատեւ է, ուստի պատրաստ պէտք է ըլլանք լիբանանցի ժողովուրդին` տեղահանուածին ու շրջանի բնակիչին առաւելագոյն ծառայութիւնները ապահովելու` բացարձակ գործակցութեամբ պետութեան ու ապահովական մարմիններու հետ` կանխարգիլելու համար անվտանգութեան սեփական միջոցով ապահովման նոյնիսկ նուազագոյն փորձը: Նախարար Հալապիին կոչ կ՛ուղղենք` գործարկելու աշակերտներու ներկայութեամբ ու խառն ուսուցման ծրագիրը եւ զայն պատրաստել, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալ սեփական վարժարաններ վարձելու կարելիութիւնը, ինչպէս ինծի այդ առնչութեամբ տեղեակ պահեց», յայտնեց Ժոմպլաթ: