Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսքը Ուղղելով Ռայի Պատրիարքին` «Քրիստոսի Սիրտը Չի Փակուիր Հայրենիքին Համար Արիւն Թափողին Դիմաց» Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան

November 5, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Տեղահանութիւնը ազգային մեծ դատ է, եւ անկէ բարձր այլ դատ չկայ, բացի Լիբանանը պաշտպանելէ: Կառավարութիւնն ու անոր կառոյցները մեծապէս ամբաստանուած են, եւ միջազգային կազմակերպութիւնները մեղսակից են տեղահանուածներուն նկատմամբ կառավարութեան աշխատանքի բացթողումին: Շիի համայնքը չթերացաւ, եւ անոր կշիռը մեծ է, անոր պատմութիւնը մեծ է, անոր իրողութիւնը զօրակցութիւն եւ ազգային բեռերու կրման ամբողջական գործընկերութիւն է, անոնց համար արիւն թափեց, ազատագրութիւն տուաւ եւ այս սիրելի երկիրը պատմական բռնագրաւումէն վերստանձնեց: Տեղահանուածներու իրաւունքներուն բաւարարումը պետութեան ու անոր հաստատութիւններուն կողմէ շնորհք չէ, այլ ազգային մեծագոյն պարտաւորութիւն, եւ հակառակ անոր պետութիւնը տակաւին բացայայտ ամբաստանելի աստիճանի կը թերանայ»:

Ան խօսքը մարոնիներու Ռայի պատրիարքին ուղղելով յայտնեց, որ քրիստոնեան եւ իսլամը այս երկրին մէջ գործընկերներ են, «եւ սորված ենք, որ Քրիստոսի սիրտը, որ մեղաւորներուն բացուեցաւ, չի փակուիր եկեղեցիներուն, դպրոցներուն, մզկիթներուն, հաւատացեալներուն, հայրենիքին համար արիւն թափողին դիմաց: Երբեք չենք կարդացած, թէ ան, որ կ՛ազատագրէ` բռնագրաւող է: Քրիստոսէն երբեք չսորվեցանք, որ ան որ երկիրը իր դպրոցներով, մզկիթներով, եկեղեցիներով, ազգային ծրագիրով եւ հոգեւոր գործընկերութեամբ կը փրկէ` բռնագրաւող է: Մեծ տագնապի սրտէն, որ այնքան ատեն որ ողջ եմ, պիտի չմոռնամ, կ՛ըսեմ. «Եկեղեցին առանց մզկիթին արժէք չունի, եւ հայրենիքը առանց զայն ազատագրողներուն ու պաշտպանողներուն արժէք չունի, Լիբանանը առանց հոգեւոր ու ազգային գործընկերութեան արժէք չունի, եւ Լիբանանը առանց իր դիմադրող տեղահանուածներուն պատիւ չունի: Իւրաքանչիւր պատասխանատու իր խիղճին, Աստուծոյն եւ հայրենիքին առջեւ կանգնած է, եւ քրիստոնէութիւնը իր երկնային բնոյթով սէր է, ողորմութիւն, օժանդակութիւն եւ ապաստան»:

Ան նշեց, որ իրենք իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին պիտի չմոռնան իրենց բարիք ընողները, «եւ պիտի չմոռնանք այն քրիստոնէական հիւրընկալութիւնը, որ Քրիստոսի վայել է»:

«Ան, որ Միջին Արեւելքի դէմ ամէնէն վտանգաւոր ծրագիրին մէջքը կոտրեց եւ անոր թշնամական սպառազինութիւնը կ՛ոչնչացնէ` բռնագրաւող չէ, եւ շնորհակալութիւն Ուալիտ Ժոմպլաթին, որ գիտակցեցաւ ազգային միասնականութեան պատմական պահը եւ Լեռնալիբանանը իր ամբողջ կարելիութիւններով բացաւ իր տեղահանուած եղբայրներուն դիմաց», եզրափակեց շէյխ Քապալան:

Նախորդը

Լիբանան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գործադիր Խորհուրդին Ներկայացուցած Է Երեք Կէտերէ Բաղկացած Որոշումի Նախագիծ Մը

Յաջորդը

Ապտելաթի Արաղչիի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Վրայ Յարձակումի Դադրեցման Ջանքերը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.