Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամիմ Խալաֆ յայտարարեց, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի, Միջին Արեւելքի մէջ մագլցումը մեղմացնելու եգիպտական ջանքերու ծիրին մէջ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ:
Անոնք քննարկած են Լիբանանի եւ Կազայի մէջ արձանագրուող զարգացումներն ու շրջանային տագնապալից կացութիւնը:
«Շրջանին մէջ բոլոր կողմերը պէտք է որդեգրեն քայլեր, որոնք կը նպաստեն շրջանային մագլցումի արգիլման եւ հանդարտեցում կը յառաջացնեն», ըսած է Ապտելաթի` շեշտելով. «Պէտք է զգուշ ըլլալ շրջանը ներքաշելէ շրջանային պատերազմի մը մէջ, որ կողմերէն որեւէ մէկուն շահերը պիտի չիրագործէ եւ շրջանի ժողովուրդներուն համար վտանգաւոր հետեւանքներու կը յանգեցնէ»:
Ան վերահաստատեց, որ Եգիպտոս կը դատապարտէ «միակողմանի եւ սադրիչ քայլերը, որոնք շրջանին անվտանգութեան ու կայունութեան կը սպառնան, եւ այնտեղ կացութեան հրահրման կ՛առաջնորդեն, ինչ որ շրջանին ու անոր ժողովուրդներուն կայունութեան ծանր հետեւանքներով կը սպառնայ»:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ յայտնեց. «Երկու կողմերը քննարկեցին լիբանանեան թատերաբեմի վրայ արձանագրուող զարգացումները եւ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումը դադրեցնելու համար թափուող ջանքերը: Ապտելաթի յայտնեց Եգիպտոսի այն դիրքորոշումը, թէ պէտք է լիբանանեան պետական հաստատութիւնները կարող դարձնել եւ ընտրել երկրի նախագահ մը` առանց արտաքին միջամտութիւններու»:
Երկու նախարարները նաեւ քննարկած են Քաթարի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ համակարգուած ձեւով Եգիպտոսի թափած ջանքերը` Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու, մարդասիրական օժանդակութիւնները առանց նախապայմանի եւ ամբողջական կերպով հասանելի դարձնելու եւ պատանդներն ու գերիները ազատ արձակելու համար:


