Խամենէի. «Հըզպալլան 40 Տարուան Ընթացքին Իսրայէլեան Բռնագրաւումին Դիմադրելով Հսկայական Ձեռքբերումներ Արձանագրելով Շրջանային Հզօր Ուժի Վերածուեցաւ»
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտնեց, որ Հըզպալլան շուրջ 40 տարուան ընթացքին իսրայէլեան բռնագրաւումին դիմադրելով հսկայական ձեռքբերումներ արձանագրեց, ինչ որ զայն վերածեց շրջանին մէջ հզօր ուժի: Խամենէի աւելցուց, որ Հըզպալլան կրցաւ Իսրայէլին ստիպել Պէյրութէն ու Սայտայէն նահանջել, եւ հարաւային Լիբանանը ամբողջութեամբ մաքրեց իսրայէլեան ուժերու ներկայութենէն: Ան նշեց, որ այդ ձեռքբերումները կուսակցութեան կարողութեան մեծապէս զարգանալը ցոյց կու տան: Խամենէի...




















