Ըստ «Հատաս»-ի. Լիբանանի Մէջ 5 Շաբաթ Տեւողութեամբ Ժամանակաւոր Զինադադար Մը Պիտի Սկսի Գործադրուիլ 20 Նոյեմբերին
Աղբիւրներ սէուտական «Հատաս» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին յայտնած են. «Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման նախագիծին կէտերը նոր չեն, եւ ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն զայն նախապէս ներկայացուցած է»: Աղբիւրները կը նշեն. «Ժամանակաւոր զինադադարը պիտի սկսի գործադրուիլ 20 նոյեմբերին եւ 5 շաբաթ պիտի տեւէ»: «Նախագիծը կը նշէ, որ Իսրայէլ պէտք է դադրի թիրախաւորել Լիբանանը, որուն դիմաց Հըզպալլան կը դադրեցնէ հրթիռարձակումը, եւ անոր վերազինումը կ՛արգիլուի»,...




















