Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 9, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը Կազայի մէջ մարդասիրական ահաւոր կացութեան կարգաւորման անմիջական քայլերու որդեգրման կարեւորութիւնը շեշտեց»:

«Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզեն Կապոյտ գիծի երկայնքին դիւանագիտական լուծում մը, որ երկու երկիրներու քաղաքայիններուն կ՛արտօնէ իրենց տուները վերադառնալ», նշեց Փենթակոն:

– ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն իր ֆրանսացի պաշտօնակից Ժան Նոել Պարրոյի հետ քննարկած է Լիբանանի մէջ տագնապի դիւանագիտական լուծման հասնելու կարեւորութիւնը:

– ԹՈՒՐՔԻՈՅ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Թրամփի կողմէ լաւ սկիզբ պիտի ըլլայ, եթէ Պաղեստինի եւ Լիբանանի վրայ յարձակումը դադրեցնելու համար Իսրայէլի զէնքի մատակարարումը դադրեցնէ»:

– ՊԷՅՐՈՒԹԻ Հարաւային արուարձաններու Պըրժ Պարաժինա շրջանի քաղաքապետ Աթեֆ Մանսուր քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնեց. «Բնակիչներու միայն չնչին համեմատութիւն մը մնաց, որ իր տունէն չէ հեռացած»:

Անդրադառնալով մինչեւ հիմա Պըրժ Պարաժինայի հասած վնասներուն` ան ըսաւ, որ ըստ ոչ ամբողջական տուեալներու, 50 շէնքեր ամբողջովին քանդուած են, 30 շէնքերու մէջ ճեղքեր յառաջացած են, 10 շէնքեր փուլ գալու վտանգի տակ են, իսկ վնասուած շէնքերը հարիւրաւոր են:

– ԱՔՔԱՐԻ նահանգապետ Իմատ Լապաքի «Նաշրա»-ին յայտնեց. «Նահանգը յաւելեալ տեղահանուածներ չի կրնար ընդունիլ, մանաւանդ որ տուներուն մէջ շուրջ 60 հազար տեղահանուած կայ, եւ շուրջ 8000 ուրիշներ իբրեւ ապաստան ճշդուած կեդրոններուն մէջ կը գտնուին»:

– ՀԻՒՍԻՍԻ նահանգապետ Ռամզի Նոհրա «Նաշրա»-ին յայտնեց, որ իբրեւ ապաստան ճշդուած 110 կեդրոններու մէջ 14000 տեղահանուածներ կան, իսկ տուներուն մէջ շուրջ 55 հազար տեղահանուածներ: Ան նշեց, որ կրթական տարեշրջանը սկսելու պատճառով կարելի չէ յաւելեալ տեղահանուածներ ընդունիլ:

– ՔԱԹԱՐԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լամիի հետ քննարկած է շրջանի զարգացումներն ու «Լիբանանի մէջ մագլցումի նուազեցման կարելիութիւնը»:

 

Նախորդը

Բագրատունի. «Լիբանանեան Տարազը Ձախողած Է, Խնդիրը Կարելի Է Լուծել Միայն Սեղանի Շուրջ Նստելով»

Յաջորդը

Զօր. Հալեւի. «Ոչինչ Յաղթանակի Մասին Կը Վկայէ, Որքան Իսրայէլացիները Հիւսիսի Մէջ Իրենց Գիւղերը Ապահով Վերադարձնելը»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.