Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր նշեց. «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն խօսեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պըն Զայետ Ալ Նահիանի հետ եւ վերահաստատեց Կազայի մէջ պատերազմը կարելի եղածին չափ շուտ աւարտելու նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը»:
«Երկու նախարարները քննարկեցին ջանքերը գերիները ազատ արձակելու, տեւական օժանդակութիւնները աւելցնելու եւ ապահովելու յառաջ մղման ուղի մը, որ Կազայի մէջ պաղեստինցիներուն կ՛արտօնէ իրենց կեանքը յառաջ մղել, իշխանութիւնն ու անվտանգութիւնը ամրապնդել եւ վերակառուցում կատարել», նշեց Միլլըր:
«Անոնք նաեւ քննարկեցին ջանքերը Լիբանանի մէջ հասնելու դիւանագիտական լուծումի մը, որ Կապոյտ գիծի երկու կողմերու քաղաքայիններուն կ՛արտօնէ իրենց տուները վերադառնալ», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
«Ինչ կը վերաբերի Սուտանի, Պլինքըն շեշտեց մարդասիրական օժանդակութիւններու հասանելիութեան ծիրի ընդլայնման, կռիւը դադրեցնելու եւ քաղաքային կառավարութեան կազմութեան համար քաղաքական հոլովոյթին աջակցելու կարեւորութիւնը», ըսաւ Միլլըր:
«Ան իր պաշտօնակիցին շնորհակալութիւն յայտնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Կազային եւ Լիբանանին մարդասիրական օժանդակութիւններու տրամադրման եւ շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդման շարունակուող դերակատարութեան համար», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:


