– ԻՐԱՆԻ խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ նշեց. «Սիոնական գոյացութեան մեծագոյն նուաստացումը հակառակ ռմբակոծման ու Հըզպալլայի ղեկավարութեան ահաբեկման Լիբանան մուտք գործել չկարենալն է»:
– ԻՍՐԱՅԷԼԻ նոր նշանակուած պաշտպանութեան նախարար Եիսրայէլ Քաց յայտնեց. «Պէտք է շարունակենք միասնաբար գործել եւ արդիւնքները ներդրել Լիբանանի ճակատին վրայ կացութիւնը փոխելու համար»:
«Կազայի մէջ զինադադարին աջակցելու համար եկած բոլորին փոխանցուեցաւ, որ ատիկա առանց գերիներու ազատ արձակման տեղի պիտի չունենայ», նշեց Քաց:
– ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն իր գերմանացի պաշտօնակից Աննալենա Պերպոքի հետ քննարկած է Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալու ջանքերն ու Լիբանանի մէջ դիւանագիտական լուծման կարիքը:
Ան նաեւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ քննարկած է Կազա մարդասիրական օժանդակութիւնները աւելցնելու ջանքերը:


